ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅԿ ՆՇԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական կեանքի նուիրեալներէն, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի նախկին բազմամեայ ու վաստակաշատ տնօրէն Հայկ Նշան։

Իր կորուստը շատ ցաւալի է, որովհետեւ Հայկ Նշան կը խորհրդանշէր իսկապէս նուիրեալ, ուխտեալ հայ կրթական մշակի մը կերպարը։

Տիարպաքըրի մէջ ծնած եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ աշակերտութեան տարիներուն իր ինքնութիւնը գտած եւ համալսարանական ուսումէն վերջ ալ կրթական ասպարէզի նուիրուած անմոռանալի անուն մըն էր Հայկ Նշան։ Շուրջ երեսուն տարի ան որպէս տնօրէն ծառայած էր Սուրբ Խաչ դպրենքի մէջ եւ իր տնօրէնութեան շրջանը կը զուգադիպէր այն տարիներուն, երբ հաստատութիւնը վարչական գետնի վրայ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէր։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն ըլլալու առընթեր, Հայկ Նշան ընդհանրապէս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր պոլսահայ կրթական համակարգի վերաբերեալ վարչակազմակերպչական գործերու մէջ։

Վերջին տարիներուն թէեւ Դպրեվանքի տնօրէնի պաշտօնէն կոչուած էր հանգստեան, սակայն ան կը շարունակէր ի սպաս դնել իր փորձառութիւնը։ Դժբախտաբար վրայ հասած անողոք հիւանդութիւնը հունէ դուրս բերաւ Հայկ Նշանի կեանքի բնականոն ընթացքը։ Ան ամիսներէ ի վեր կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ, խտացեալ խնամքի տակ։ Բժիշկներուն կողմէ ցուցաբերուած մասնագիտական խնամքը, իր ընտանիքին կողմէ ներդրուած բարոյական զօրակցութիւնը դժբախտաբար անբաւարար մնացին եւ ան այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիները։

Յուղարկաւորութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին առանձնապէս։

Այս տխուր առթիւ մեր անկեղծ խոնարհումը կը բերենք հոգելոյս կրթական մշակ Հայկ Նշանի բարի եւ ազնիւ յիշատակին առջեւ։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Էսաեան վարժարանի բազմամեայ տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանին, դստեր՝ Սելին Նշանին, համայն ընտանիքին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2019