ՀԵՌԱՀԱՐ ՋԱՆՔԵՐՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄ
Թրքահայ Ուսուցչաց հիմնարկը այս շրջանին կը նշէ իր հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Հաստատութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ միեւնոյն ժամանակ ի գործ կը դրուին բազմակողմանի ջանքեր՝ պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու ապագայի երաշխաւորման ուղղեալ հեռահար շարժում մը ստեղծելու առաջադրութեամբ։ Ուսուցչաց հիմնարկէն ներս վերջին շրջանին սկսած է գործել նաեւ նորաստեղծ կրթական յանձնախումբ մը։ Հիմնարկի 50-ամեայ յոբելենական շրջանը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի «Բարի օրինակներ դաստիարակութեան գծով» խորագրեալ օգտաշատ համագումար մը կազմակերպուի մեր կրթական մշակներուն համար։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի նորակառոյց համալիրի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս երկօրեայ աշխատանքը, որ ունէր բազմակողմանի ծրագիր մը։ Համայնքային վարժարաններու կրթական մշակները համախմբուելով հետեւեցան այս երկօրեայ ծրագրի գործադրութեան։ Հեղինակաւոր մասնագէտներ ներկայացուցին կարեւոր զեկուցումներ, որոնց արժեւորումը եւ պայմանաւորած հաւաքական միտքը կարեւոր նշանակութիւն կրնայ ունենալ մեր կրթական համակարգի վերափոխման ճանապարհին։
Ըստ Ուսուցչաց հիմնարկի աղբիւրներուն կողմէ երէկ մեզի փոխանցուած մամլոյ հաղորդագրութեան, 27-29 Յունիս թուականներուն, Ուսուցչաց հիմնարկի նորակազմ Կրթական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Տատեան վարժարանի երդիքին տակ, երկօրեայ ուսուցչաց համագումար մը տեղի ունեցաւ՝ «Բարի օրինակներ դաստիարակութեան գծով» խորագրով: Ուսուցչաց հիմնարկի հովանիին ներքեւ անցեալ Ապրիլին իւրաքանչիւր պոլսահայ վարժարանէ ուսուցիչի մը մասնակցութեամբ կազմուած Կրթական յանձնախումբի նպատակն է՝ նպաստել կրթական ծրագիրներու եւ առարկաներու, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու պատրաստման ու զարգացման, կապերը զօրացնել հիմնարկին եւ կրթական մշակներուն միջեւ: Կրթական յանձնախումբի այս առաջին գործունէութեան մասնակցեցան բոլոր պոլսահայ վարժարաններէն մօտաւորապէս երեք հարիւր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:
Յայտագրի բացումը կատարելով բանախօսներու մասին ծանօթութիւնները տրուեցան Կրթական յանձնախումբի անդամներուն կողմէ: Առաջին օրուան բանախօսներն էին՝ Թամէր Էրկին եւ Ալփ Քէօքսալ, իսկ երկորդ օրուանները՝ Քայհան Քարլը եւ Եավուզ Սամուր, որոնք ապագայի դպրոցներուն եւ ուսուցման մեթոտներուն մասին օգտաշատ տեղեկութիւններ փոխանցեցին ունկնդիրներուն: Համագումարի յետմիջօրեայ նիստերը յատկացուած էին հայ ուսուցիչներու զեկուցումներուն: Ելոյթներով հանդէս գալով նոր թեքնիկներու անդրադարձան՝ Տատեան վարժարանէն՝ Սիպէլ Արփաճըք, Կեդրոնական վարժարանէն՝ Աղաւնի Թեքին, Նազլը Թեքին, Սելին Քէշիշօղլու, Ռեժինա Փանոս, Անի Փայլան եւ Նաթալի Պաղտատ Թուրաչ, Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն՝ Մարալ Չաքըր, Վերա Հէմէնկիւլ եւ Թամար Մանկասար, Էսաեան վարժարանէն՝ Մելիսա Տիւլկէրօղլու, Մարալ Փարլաք, Եւա Պիւյիւքսիմքէշեան, Տալիտա Էքպենլի, Էլիզապէթ Սայկըլը եւ Սէրլի Էրտինչ, Թարգմանչաց վարժարանէն՝ Ժերմէն Քանթարճըօղլու, Լիզա Չոլաքօղլու եւ Մարի Քալայճը, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն՝ Մելիսա Ֆէրահեան, Այլին Ճըրըլ եւ Լիզա Չաքարօղլու, Գարակէօզեան վարժարանէն՝ Նատին Քասըմօղլու, Լարա Տելիմելքոնօղլու, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն՝ Մատլէն Արզուման, Եշիլգիւղի վարժարանէն՝ Անի Քալայլը, Արմաւենի Չաքարօղլու, Էմէլ Հեքիմօղլու, Ժանին Մարազեան եւ Ալիս Սուսամ, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն՝ Անի Տելիմելքոնօղլու, Այտա Թանտըրճը, Այլին Եիւճէ, Ֆունտա Էօզենմիշ եւ Մարի Տիւվենճի եւ Պէզճեան Մայր վարժարանէն՝ Գարին Աֆաճան:
Համագումարի աւարտին ուսուցիչները մտերմիկ զրոյցներ ունեցան իրարու միջեւ եւ նորանոր գիտելիքներու հաղորդ դարձած մեկնեցան Տատեան վարժարանէն: