ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԵՐԱԺԻՇՏ ՅԱԿՈԲ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆԸ

Նախկին պոլսահայ, այժմ գանատաբնակ Յակոբ Տէօքմէճեան ներկայիս կ՚այցելէ քաղաքս։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք զինքը հիւրընկալելու խմբագրատանս մէջ։

Յակոբ Տէօքմէճեան աւարտած է Գարակէօզեան Տունն ու Սուրբ Խաչ դպրեվանքը։ Աւելի վերջ երկու ճիւղերու մէջ կատարած է բարձրագոյն ուսում՝ մասնագիտանալով հոգեբանութեան եւ երաժշտութեան վրայ։ Իսթանպուլ ապրած տարիներուն պաշտօնավարած է մեր զանազան համայնքային վարժարաններուն մէջ։ Մասնակցած է նաեւ Սայաթ Նովա երգչախումբի գործունէութեան՝ որպէս խմբավար։ Թորոնթօ գաղթելէ վերջ ալ Յակոբ Տէօքմէճեան շարունակած է աշխատիլ կրթական բնագաւառի մէջ։ 25 տարի որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ պաշտօնավարած է զանազան գանատական վարժարաններէ ներս։ Իր կողակիցն է Սիւզան Եիւճէճան, որ եւս կրթական մշակ մըն է։ Ունի դուստր մը եւ թոռնիկներ։

Մեր հաճելի զրոյցին ընթացքին Յակոբ Տէօքմէճեան բացատրեց, թէ կ՚ապրի ուրախութիւնը երկար ժամանակ վերջ իր ծննդավայրը այցելելու։ Ներկայ ուղեւորութիւնը իր տեսանկիւնէն ունի նաեւ այլ կարեւոր իմաստ մը։ Արդարեւ, ան յօրինած է զանազան երաժշտական գործեր, որոնց քաղաքիս մէջ ներկայացման համար կը տարուին կազմակերպչական աշխատանքներ։ Այդ ծրագրին համար Յակոբ Տէօքմէճեանին կ՚աջակցի մեր ազգայիններէն Նազարէթ Պինաթլը։ Ձեռնարկի կազմակերպման համար կը համագործակցի նաեւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հետ։

Բարի կեցութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք Յակոբ Տէօքմէճեանին։

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017