ՏԱՐՕՆ ԵԷՕՆՏԷՄ BLUTV-Ի CTO-Ի ՊԱՇՏՕՆԸ ՍՏԱՆՁՆԵՑ

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքի երիտասարդ մասնագէտներէն Տարօն Եէօնտէմ ստանձնած է BluTV-ի փորձագիտութիւններու տնօրէնի (CTO) պաշտօնը։ Առցանց այս հեռուստակայանը վերջերս արդէն իրականացուցած է շարժանկարի ժապաւէնի մը արտադրութիւնը։ Հեռուստակայանը կը ձգտի ոստում մը ապահովել եւ զուգահեռաբար իր աշխատակազմին մէջ ընդգրկած է տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու երիտասարդ մասնագէտ Տարօն Եէօնտէմը։ Այս վերջինը ութ տարիէ ի վեր այդ ոլորտէ ներս արհեստավարժ գործունէութիւն կը ծաւալէ իր «Deveload» ընկերութեան միջոցաւ։ Եէօնտէմ կը գլխաւորէ մասնագէտներու խումբ մը, որ անցեալ շրջանին երկու կլոպալ SaaS-ի արտադրութիւն իրականացուցած է։ Այժմ Տարօն Եէօնտէմի գործունէութեան առջեւ կ՚ուրուագծուի նոր հորիզոն մը, միեւնոյն ժամանակ յիշեալ առցանց հեռուստաընկերութիւնն ալ աւելի յաւակնոտ քայլերով կ՚ընթանայ դէպի իր որդեգրած նպատակները։

Տարօն Եէօնտէմ մեր համայնքի ամենալաւ պատրաստուած մասնագէտներէն մին է իր բնագաւառէն ներս։ Ան որդին է Սուրբ Խաչ դպրեվանքի երիցագոյն սաներէն Արթին Եէօնտէմի։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տարօն Եէօնտէմը, որուն կը մաղթենք նոր նուաճումներ իր ասպարէզին մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020