ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ՄԵՐ ՄԷՋ

Յայտնի գրող՝ տքթ. Յակոբ Այնթապլեան այս օրերուն կ՚այցելէ Պոլիս։ Ան օդակայանին մէջ դիմաւորուած է մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի կողմէ, որ զանազան ձեռնարկներու ընթացքին կը մեկնաբանէ հեղինակի գործերու հիման վրայ յօրինուած կտորներ։

Քաղաքիս մէջ Յակոբ Այնթապլեանի մասնակցութեամբ նախատեսուած է՝ «Ստեղծագործել արեւմտահայերէնով» խորագրեալ հաւաքոյթ մը։

Հարկ է նշել, որ 85-ամեայ Յակոբ Այնթապլեան Նիւ Եորքի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատուոյ անդամ է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2024