ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Պատրիարքական Աթոռին կողմէ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք 100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» հատորը։
Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը պատրաստը-ւած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Ս. Զատկին յաջորդող Յարութեան շրջանին հոգեւոր մատակարարութեան համար։ Ան նախապէս լոյս տեսած է որպէս յօդուածաշարք եւ 1972-ին՝ որպէս անջատ հատոր։
Այդ աշխատասիրութեան մէջ Սրբազան հեղինակը կ՚անդրադառնայ Ս. Զատկին յաջորդող Յինանց շրջանին ընդհանրապէս եւ այդ շրջանի վեց կիրակիներու իմաստին ու Համբարձման տօնին մասնաւորապէս, աւելցնելով օրուան շարականներէն մէկը, հանդերձ աշխարհաբար թարգմանութեամբ։
Երանաշնորհ Պատրիարք Հայրը հատորին գրեթէ մէկ երրորդ մասը կը յատկացնէ Հոգեգալուստի դէպքին ու անոր իմաստին։ Տասն եւ եօթ գլխարկումներու ներքեւ կը վերլուծէ Ս. Հոգւոյ գալուստը։
Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ հեղինակի պատրիարքական շրջանի անձնական կնիքը։
Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած են Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ երէցկին Սիլվա Տամատեան, իրենց որդւոյն՝ Տ. Յարութիւն Աբեղայի ձեռնադրութեան առթիւ։