Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելեց Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը։ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան կողքին էր Նորին Սրբազնութեան։ Այցելութեան մասնակցեցան նաեւ Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնէն Նաժտա Շատեան եւ այլ պատասխանատուներ։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ կայանի մանուկներուն կողմէ։ Նորին Սրբազնութիւնը հայրական վերաբեմունքին առարկայ դարձուց փոքրիկները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնները։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ ամփոփ տեղեկութիւններ փոխանցեց կայանի գործունէութեան շուրջ։ Ան մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց վերջին տարիներուն Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ կազմակերպուած քէրմէսին վրայ, որ դարձած է աւանդական։ Երէկ այս տարուան քէրմէսը իրականաց-ւեցաւ յաջողութեամբ։ Քանի, որ Նորին Սրբազնութեան այցը զուգադիպած էր տաղաւարի այս ծրագրի ճիշդ նախօրեակին՝ ան ականատես եղաւ նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ օրհնեց զանոնք։
Մանուկներուն խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ, երբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անոնց առաջարկեց մասնակցիլ բառախաղի։ Կազդուրման կայանէն տասն սաներ մասնակցեցան այդ բառախաղին, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։ Արդիւնքին յաջողագոյնը հանդիսացած աշակերտը յուշանուէր մը ստացաւ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ։ Բաց աստի, Ընդհանուր Փոխանորդը փոքրիկ նուէրներ պատրաստած էր նաեւ բոլոր մանուկներուն եւ հսկիչներուն համար։ Ի յիշատակ այս այցելութեան՝ Կազդուրման կայանի տնօրէնութեան կողմէ ալ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին յանձ-նըւեցաւ յուշանուէր մը։ Եզակի առաքելութեամբ այս հաստատութեան հիմնադրութեան 50-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպած այս այցելութենէն վերջ Ընդհանուր Փոխանորդը վառ տպաւորութեամբ հրաժեշտ առաւ Կազդուրման կայանէն՝ աշակերտութեան եւ բոլոր պատասխանատուներուն փոխանցելով իր սէրն ու օրհնութիւնը։
Միւս կողմէ, Կազդուրման կայանի խաղավայրը վերջերս օժտուեցաւ ժամանցի նոր սարքաւորումներով։ Տղաքը մեծ ոգեւորութիւն ապրեցան իրենց տրամադրութեան տակ դրուած այդ նոր խաղալիկներուն համար։ Հարկ է նշել, որ ժամանցի այդ սարքաւորումները Կազդուրման կայանին նուիրուած են Մարգրիտ Աթմաճա եւ Քնար Սեզկին քոյրերուն կողմէ, ի յիշատակ իրենց նորոգ հանգուցեալ մօր՝ Վարսէն Օրունճաքճըէլի։ Ժամանցի սարքաւորումները Կազդուրման կայանին յանձնուեցան «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը։ Ներկայ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Յարութիւն Քիլեճի եւ իր ընկերները, տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ եւ անշուշտ՝ բոլոր մանուկները։ Այս առթիւ ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Թամար Ներկիզ, որ անմիջական արտայայտութիւններով վերյիշեց նորոգ հանգուցեալ Վարսէն Օրունճաքճըէլը եւ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց անոր դստրերուն, որոնք յղացած էին կայանի մանուկները ուրախացնելու գնահատելի գաղափարը։ Մարգրիտ Աթմաճա եւ Քնար Սեզկին քոյրերը ծաղկեփունջեր ալ ստացան կայանի մանուկներուն ձեռամբ, մինչ մնացեալ տղաքը արդէն սկսած էին վայելել ժամանցի նոր սարքաւորումները։