ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու սփիւռքահայ երկու արժէքաւոր ակադեմականներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Վարագ Գեթսեմանեան եւ Հրակ Աւետանեան։ Վարագ Գեթսեմանեան միջոցէ մը ի վեր ակադեմական ծրագրով մը կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Հրակ Աւետանեանն ալ վերջին օրերուն Պէյրութէն քաղաքս փութալով միացած է իրեն։ Գեթսեմանեան եւ Աւետանեան օգտուելով իրենց կեցութեան ընձեռած առիթէն, փափաքած էին այցելել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Հիւրերուն հետ ծաւալուած ջերմ զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ թերթիս գործունէութեան, թրքահայ համայնքային կեանքի իրադարձութիւններուն, սփիւռքի հայապահպանման խնդիրներուն։

Գեթսեմանեան եւ Աւետանեան դրական տպաւորութիւններով հրաժեշտ առին խմբագրատունէս։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2017