ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը աւանդական ոգեւորութեամբ նշուեցաւ Իսթանպուլի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց եւ յաջորդած Խաղողօրհնէքին նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ծանօթ է, որ այս տօնին կը զուգադիպի Մայր եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը, որու առթիւ կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը։

Նկատի ունենալով, որ ամրան շրջանին մեր համայնքի անդամներուն պատկառելի տոկոսը կղզիներու մէջ կը գտնուի՝ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին ալ հիւրընկալեց հոծ թիւով հաւատացեալներ։ Եկեղեցին եւ շրջափակը օրուան գրեթէ ողջ տեւողութեան յորդեցաւ հաւատացեալներով։ Տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Պատարագիչ հայր սուրբը հանդիսապետեց նաեւ Խաղողօրհնէքին, որու ժամանակ արձակուեցան սպիտակ աղաւնիներ։

Հաւատացեալները եկեղեցիէն դուրս գալէն վերջ այցելեցին նաեւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած աւանդական քերմէսը։

Միւս կողմէ, Գարթալի խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ ալ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին առթիւ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան։  

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2022