ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ ե­րէկ այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան։ Քա­ղա­քա­պե­տի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լէն ի վեր ան երկ­րորդ ան­գամ կը փու­թար Գում­գա­բու։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս առ­թիւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հայ­րի Ի­նէօ­նիւն, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն։

Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան Շիշ­լի գա­ւա­ռա­կին ընդ­հա­նուր հար­ցե­րը։ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան ընդգ­ծեց, թէ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը կա­յուն կա­պեր մշա­կած է հայ հա­մայն­քի Շիշ­լիի շրջա­նի հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն հետ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ մեր հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րու եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւին կող­մէ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն։ Ի­նէօ­նիւ ա­ւել­ցուց նաեւ, թէ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը միշտ պատ­րաստ է իր­մէ կա­խեալ բո­լոր հար­ցե­րու լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տա­լու թրքա­հայ հա­մայն­քի կա­ռոյց­նե­րուն, ո­րոնք կը գտնուին իր վար­չա­կան տա­րած­քէն ներս։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յա­ջո­ղու­թեան ան­կեղծ մաղ­թանք­ներ յղեց՝ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ բա­րի ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րով ձեռ­նար­կուած բո­լոր ծրագ­րե­րուն հա­մար։ Ան ը­սաւ, թէ Շիշ­լիի գա­ւա­ռա­կին մէջ կը տի­րէ հա­մա­կե­ցու­թեան մթնո­լորտ եւ այս ուղ­ղու­թեամբ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Հայ­րի Ի­նէօ­նի­ւին նուի­րեց Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գան­ձե­րուն վե­րա­բե­րեալ երկ­րորդ հա­տո­րը, որ լոյս տե­սած է վեր­ջերս։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015