«ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉ» ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՇՆԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՍԿԻԶԲԻՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու Պոմոնթիի Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Շուշան Սվասլըօղլուն։ Հիւրերը Պատրիարքարան այցելած էին՝ ծանօթութիւններ փոխանցելու համար ձեռնարկի մը շուրջ, որ նախատեսուած է յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին։ Այսպէս, Սկիւտարի մէջ, Գալֆաեան Տան ննջարանի համալիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ ձեռնարկ մը՝ «Միասնութեան կանչ» անուանումով։ Այս ծրագիրը պատրաստուած է՝ «Մենք կանք ու միասնութեան մէջ յաւերժ» կարգախօսով։ Մարիամ Տրամէրեան եւ Շուշան Սվասլըօղլու նախագծի մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ վերջ խնդրեցին նորին սրբազնութեան օրհնութիւնը եւ հրաւէր ուղղեցին՝ որպէսզի ան եւս բերէ իր մասնակցութիւնը։

Ընդհանուր փոխանորդը ուրախութիւն յայտնեց այս աշխատանքին շուրջ ու մատնանշեց, որ տեղին կը համարուի միասնութեան կանչը թէ՛ սանուց միութիւններու եւ թէ ընդհանրապէս համայնքային կեանքէն ներս։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան գնահատեց հիւրերու դրսեւորած ոգին եւ ընդհանրապէս մեր իգական սեռի համայնքային կեանքին դրած աշխոյժ ներդրումը։ Վերջաւորութեան իր օրհնութիւնը փոխանցելու առընթեր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յղեց իր յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքները։

Միւս կողմէ, սոյն ձեռնարկին ընդառաջ Մարիամ Տրամէրեան եւ Շուշան Սվասլըօղլու այցելեցին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մանրամասնութիւններ ներկայացուցին իրենց տարած աշխատանքին կապակցութեամբ։ Տրամէրեան եւ Սվասլըօղլու նշեցին, որ միջմիութենական ձեւաչափի մէջ աշնան փառտօն մը ծրագրած են եւ կը յուսան, թէ այդ մէկը յաջողութեամբ պիտի պսակուի։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2018