ՍԳՈՅ ՏՈՄԱՐԻ ԳՐԱՌՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց քաղաքիս Անգլիական պալատը։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունուեցաւ Իսթանպուլի մօտ Անգլիոյ հիւպատոսի տեղակալ Քէյթ Կրինիի կողմէ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւպատոսարանին մէջ ստորագրեց Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհիի մահուան առթիւ բացուած սգոյ տոմարը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2022