«ՈՒՌԵՆԻ» ՍՐՃԱՐԱՆԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Գումգաբուի մէջ ներկայիս գործել սկսած է սրճարան մը, որ կը կոչուի «Ուռենի»։ Իրականութեան մէջ սրճարանէ մը շատ աւելին է «Ուռենի»ն, որ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած խումբ մը ձեռներէցներու եւ արհեստաւորներու նախաձեռնութիւնն է։
Անցեալ շաբաթավերջին իսկական խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ բացուեցաւ «Ուռենի» սրճարանը, որ կը գտնուի Գումգաբուի Պալիփաշա զառիվերին վրայ։ Սրճարանէ մը անդին հարուստ տեսականիով ծաղարան մըն է «Ուռենի»ին, որու սեփականատէրն է Խաչիկ Լեւոն Ղազարեան։ Տասնվեց տարիէ ի վեր Իսթանպուլ հաստատուած է ան, որու բուն արհեստն է արծաթագործութիւնը։ Խաչիկ Լեւոն Ղազարեան իր արհեստին մէջ յաջող վարպետի մը համբաւը ձեռք բերած է եւ անոր զուգահեռ ներկայիս ձեռնամուխ եղած է բոլորովին նո՛ր նախաձեռնութեան մը, բոլորովին նոր բնագաւառի մը մէջ։ Գումգաբուի նման հայահոծ թաղամասի մը միջավայրին մէջ ան փափաքած է ստեղծել երդիք մը, ուր կարելի է շփուիլ հայկական խոհանոցին ու զուգահեռաբար մշակոյթին։ Արդի աշխարհին մէջ տարբեր մշակոյթներու հետ շփուելու յարմարագոյն ձեւերէն մին կը համարուին խոհանոցները։ Հետեւաբար, Խաչիկ Լեւոն Ղազարեանն ալ առաջնորդուած է նոյն համոզումով եւ հայկական մշակոյթի հետ շփման որպէս առիթ՝ բացած է «Ուռենի» սրճարան-ծաղարանը, որ հայկական խոհանոցի ուրոյն տեսականին կը հրամցնէ իր յաճախորդներուն։
«Ուռենի»ն ունի իսկապէս ուրոյն մթնոլորտ։ Սրճարանի պատերը զարդարուած են Հայաստանի պատմամշակութային վայրերէն զանազան դրուագներով։ Խաչիկ Լեւոն Ղազարեան «Ուռենի»ն բանալէ առաջ այնպէս կը հաշուարկէր, որ առաւել չափով հայ յաճախորդներու սպասարկութիւն պիտի մատուցեն, սակայն առաջին ըսկ օրերու փորձառութիւնը եկած է ապացուցանել, որ գործը այդքանով սահմանափակուած պիտի չմնայ։ Արդարեւ, Գումգաբուի շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած զանազան երկիրներէ եւ ազգութիւններէ մարդիկ սկսած են օգտուիլ «Ուռենի»ի ծառայութիւններէն։ Այս սրճարանը թէեւ չափազանց մեծ տարածք մը չունի, սակայն մթնոլորտը ծայր աստիճան մաքուր է, խնամուած, ինչ որ առանձնայատուկ ջերմութիւն մը կը վերագրէ անոր։ Ի շարունակութիւն այնտեղ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին՝ երեկոյեան ժամերուն «Ուռենի»ի երդիքին տակ երաժշտական յայտագիր կը գործադրուի՝ այնտեղ ձեւաւորուած փոքր բեմահարթակին շնորհիւ։ Հայկական խոհանոցի իւրայատուկ ուտեստեղէններուն համը այդպէսով կ՚ամբողջականանայ երաժշտութեան ըմբոշխնումով։
«Ուռենի»էն ներս մատուցուած ամէն ինչ արդէն կ՚արտադրուի տեղւոյն վրայ։ Սրճարանի մէջ դուրսէն որեւէ պատրաստ արտադրանք չի մատակարարուիր։ Խաչիկ Լեւոն Ղազարեանի մեծագոյն աջակիցն է իր կողակիցը՝ որ խումբ մը ընկերուհիներուն հետ ստանձնած է արտադրութեան ամբողջ ծանր պատասխանատուութիւնը։ Ամէն օր ժամը 07.30-էն մինչեւ կէս գիշեր բաց է «Ուռենի» սրճարանը, ուր հրամցուած խմորեղէնները, կարկանդակները, խաչապուրիները հայկական դասականներու շարքին կը համարուին։ Այնտեղ կը մատուցուի նաեւ նախաճաշ, հայկական սուրճ եւ այլ ամէն ինչ, որ սրճարան-ծաղարանի մը մէջ կարելի է գտնել։ «Ուռենի»ի տեսականին ուշագրաւ է նաեւ իսթանպուլահայերուն տեսակէտէ, որովհետեւ այնտեղ կարելի է գտնել այն ամէն ինչ, որ Երեւան այցելելու ժամանակ մայրաքաղաքի կեդրոնի խանութներուն կամ փուռերուն մէջ կը տրամադրուի։
Այս սքանչելի տեսականիով Խաչիկ Լեւոն Ղազարեան տոգորուած է լաւատեսութեամբ։ Գումգաբուի սրճարանը որոշ չափով կայուն հունի մը մէջ դնելէ վերջ ան կը ծրագրէ նաեւ մասնաճիւղեր բանալ Իսթանպուլի այլ թաղամասերուն մէջ։
Ի սրտէ կը շնորհաւորենք «Ուռենի» սրճարանի սեփականատէրը եւ բոլոր աշխատողները՝ մաղթելով որ անոնց բոլոր ակնկալութիւնները արդարանան եւ անոնց ջանքերը պսակուին փայլուն յաջողութեամբ։