ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ

Այս ա­ռա­ւօտ հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեա­նը, հաս­տա­տու­թեան սիւ­նե­րէն Տա­նիէլ Ան­թի­քա­ճեա­նը եւ դպրո­ցի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­մար Քա­րա­սուն։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այս շա­բա­թա­վեր­ջին Գում­գա­բուի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Գալ­ֆաեան Տան ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը՝ խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել խմբագ­րա­տունս եւ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցել հաս­տա­տու­թեան ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ։ Ա­նոնք ընդգ­ծե­ցին, որ այս տա­րուան սի­րոյ սե­ղա­նը կը զու­գա­դի­պի Գալ­ֆաեան Տան հիմ­նադ­րու­թեան 150-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։

Գալ­ֆաեա­նը կը շա­րու­նա­կէ իր սա­նե­րուն հա­մար ըլ­լալ իս­կա­կան տուն մը։ Ար­դա­րեւ, դպրո­ցի եր­դի­քին տակ թէ՛ ու­սում կը ջամ­բուի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ թէ ըն­տա­նե­կան զօ­րակ­ցու­թեան մը մթնո­լոր­տին մէջ կը դի­մագ­րա­ւուին ա­նոնց ըն­կե­րա­յին կա­րիք­նե­րը։ Խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տե­ցին, որ հաս­տա­տու­թիւ­նը յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ գա­ւա­ռի մեր ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն նկատ­մամբ՝ որ­պէս­զի ա­նոնք չզրկուին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ստա­նա­լու կա­րե­լիու­թե­նէն։

Խնա­մա­կալ­նե­րը ընդգ­ծե­ցին նաեւ, որ Գար­թա­լի մէջ ան­ցեա­լին Գալ­ֆաեան Տան պատ­կա­նող ըն­դար­ձակ տա­րած­քի մը սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու հա­մար ի­րենց ձեռ­նար­կած ի­րա­ւա­կան պայ­քա­րը կու տայ դրա­կան ար­դիւնք։ Այդ նիւ­թին շուրջ բա­ցուած դա­տը ա­ւար­տին հա­սած է ի նպաստ Գալ­ֆաեան Տան։ Ներ­կա­յիս թէեւ գործ­նա­կա­նօ­րէն կա­րե­լի չէ այդ տա­րած­քին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րել, սա­կայն որ­պէս հա­տու­ցում լուրջ գու­մար մը պի­տի ստա­նայ խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը, ինչ որ ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ հաս­տա­տու­թեան ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ։ Ներ­կա­յիս ար­ձա­կուած դա­տավճ­ռին հի­ման վրայ հա­տուց­ման փո­խանց­ման հա­մար կը սպա­սուի պատ­կան զա­նա­զան մար­մին­նե­րու հա­ւա­նու­թեան։ Ուս­տի, գալ­ֆաեան­ցի­նե­րը համ­բե­րա­տար սպա­սու­մի մը մէջ են՝ այդ կա­րե­ւոր մի­ջո­ցին տի­րա­նա­լու հե­ռան­կա­րով։

Տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը կոչ ուղ­ղե­ցին, որ­պէս­զի հա­մայն­քը հեր­թա­կան ան­գամ իր զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նէ Գալ­ֆաեա­նը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016