ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՆԱՐՏԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ՍԿՍԱՒ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Թա­դէոս Կիւն­թէր» միջ­միու­թե­նա­կան նար­տի մրցա­շար­քին բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ մրցա­շար­քը այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի 20-րդ ան­գամ, 13 միու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան­ցեալ տա­րի Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թիւ­նը դար­ձած էր այս մրցա­շար­քին ա­խո­յեա­նը՝ այս տա­րի հիւ­րըն­կա­լի դե­րը վի­ճա­կած է ա­նոր։ Ե­րէ­կուան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Թա­դէոս Կիւն­թէ­րի շա­ռա­ւիղ­նե­րը։

Հա­ւա­քոյ­թի սկիզ­բին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գէորգ Սիմ­քէ­շեան, որ կը գլխա­ւո­րէ միջ­միու­թե­նա­կան կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը։ Ող­ջոյ­նի խօսք մըն ալ ար­տա­սա­նեց Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Անդ­րա­նիկ Քա­րա­քուշ։

Ա­ւե­լի վերջ տե­ղի ու­նե­ցան ա­ռա­ջին հան­դի­պում­նե­րը։ Մրցա­շար­քի մաս­նա­կից­նե­րը ա­մէն Եր­կու­շաբ­թի եւ Հինգ­շաբ­թի, ամ­սուան մը տե­ւո­ղու­թեամբ պի­տի մաս­նակ­ցին խա­ղե­րուն, ո­րոնց ար­դիւն­քին յայտ­նի պի­տի դառ­նան դափ­նե­կիր­նե­րը եւ ծրա­գի­րը պի­տի եզ­րա-­փա­կուի մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016