ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու իր ընկերները։ Թաղականները տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պէյքոզի եկեղեցիէն ներս ձեռնարկուած բարեկարգման, բարեզարդման եւ ընդհանուր մաքրութեան աշխատանքներուն շուրջ։ Նորին սրբազնութիւնը վերահասու դարձաւ, թէ ծրագիրը ի կատար ածուած է եւ տարեկան անուան տօնախմբութեան զուգահեռ Ս. Նիկողայոս եկեղեցին պիտի օծուի ու պիտի վերաբացուի պաշտամունքի։

Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան օրհնեց Պէյքոզի թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2017