ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Լեհաստանի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ Իսթանպուլի մօտ Լեհաստանի աւագ հիւպատոս Եոհաննա Փիլեցքային շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ յղեց՝ յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2018