ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԽՈՀԵՐ

Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին վերջերս հրատարակեց «Շաբաթական խոհեր» գիրքը, որու հեղինակն է Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ «Սուրբ Թագաւոր մատենաշար»էն լոյս տեսած 6-րդ հատորն է այս մէկը, որ հրատարակութեան պատրաստուած է Ս. Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի օրհնութեամբ լոյս տեսած այս գործը ձօնուած է՝ երանաշնորհ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հոգեմտաւոր ծառայութեան։ 160 էջերէ կը բաղկանայ այս գիրքը, որ կ՚ընդգրկէ հեղինակի 52 խոհերը։

«Շաբաթական խոհեր»ուն նախաբանը գրի առնուած է Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ։ Հեղինակ հայր սուրբն ալ սկիզբին գրի առած է խորհրդածութիւն մը։ Բովանդակութեան մէջ յիշուած են պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի շարք մը ծանօթ անուններ։ Գրութիւններէն ոմանք մօտաւոր անցեալին լոյս տեսած են նաեւ մամլոյ մէջ։ Գիրքի պարունակութեան մէջ առանձնապէս կը յիշատակուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը։ Գործը ճոխացուած է զանազան տեսողական առարկաներով։

Այս գիրքի հրատարակութեան մեկենասը եղած է Գատըգիւղի ընտանիքին մօտէն ծանօթ Արթօ եւ Ռիթա Քոզանեան ամոլը՝ ի յիշատակ հանգուցեալ ծնո-ըշըի ծերակոյտի պարագային ծերակուտականներէն ոեւէ մէկը կրնայ կասեցնել օրէսնդրական նախաձեռնութիւն մը։ ւէր։ իրներուն վրայ։ Տ. Դանիէղաց Ստեփան եւ Վերժին Քոզանեաններու։ Կողքի պատրաստութիւնը կատարած է Արի Գամպար։

Գրասէրներ գիրքը կրնան ապահովել դիմելով Ս. Թագաւոր եկեղեցին։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2019