ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ դադրած էին պաշտամունքները եւ նորընտիր թաղային խորհուրդի կողմէ ձեռնարկուած էր բարեզարդման աշխատանքներու։ Եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը նախատեսուած է նոյեմբերի 17-ին։ Ուստի, թաղային խորհուրդի անդամները խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց թաղականներուն Գանտիլլիի եկեղեցւոյ ի նպաստ աշխատանքներն ու ձեռքբերումները։ Ան նաեւ փոխանցեց հայրական թելադրութիւններ եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2023