ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ քաղաքիս մէջ Լեհաստանի Ազգային տօնին առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ Հարպիէյի «Հիլթըն» պանդոկի համալիրէն ներս։ Հաւաքոյթի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորութիւններ յղեց Անգարայի մօտ Լեհաստանի դեսպան Մասիէյ Լանկին եւ Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Վիթոլտ Լեսնիաքին, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իր ներկայութեան համար։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024