ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նին մէջ Ա­մա­նո­րի ըն­դա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քէր­մէս մը, ո­րով ստեղ­ծուե­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լորտ։ Վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ այս քէր­մէ­սը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին ջան­քե­րով։ Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տրդատ Քահանայ Ու­զու­նեան օ­րուան սկիզ­բին օրհ­նեց տի­կին­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած աշ­խա­տան­քը եւ ա­նոնց հետ ա­ղօ­թեց՝ ծրագ­րի յա­ջո­ղու­թեան հա­մար։

Ա­ւե­լի վերջ, թա­ղե­ցի­ներ եւ այլ զա­նա­զան թա­ղե­րէ հա­մա­կիր­ներ այ­ցե­լե­ցին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի քէր­մէ­սը, ո­րու շրջագ­ծով ի­րենց տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուած էին տօ­նա­կան շրջա­նի բնո­րոշ ա­ւան­դա­կան ի­րե­ղէն­ներ եւ այլ ար­տադ­րանք­ներ։ Տատեան վարժա­րանի քէր­մէ­սի նա­խա­ձեռ­նարկ կազ­մին մէջ էին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Սե­դա Քա­յա, Այ­տա Խա­չի­կօղ­լու, Հռիփ­սի­մէ Ալ­թը­փար­մաք, Ե­ւա Քա­մըշ­լը, Կա­րին Մար­տի­կեան, Նուր­տա Չա­քան, Լե­տա Ա­թան, Լուիզ Պա­լըք­ճը, Լե­տա Չա­քալ, Գա­րօ­լին Ա­յո­նեան, Տիա­նա Գու­յում­ճու, Նուր Կիւր­լե­րօղ­լու, Սե­ւիմ Օք­ճու, Այ­սէլ Պիր­կիւլ, Ա­րու­սեակ Չա­քըր­ճը Էօզ­պաղ, Նա­տիա Զէյ­ֆիեան, Ա­լի­նա Յո­վա­կի­մեան, Մա­րալ Նաք­քա­շեան, Հիլ­տա Տես­տի­ճի, Ռի­թա Փո­լա­տօղ­լու, Լին­տա Կե­տիկ, Սիլ­վա Պիւ­յիւք­լո­քէր, Լեռ­նա Թո­րու­սօղ­լու, Պե­լին­տա Սե­լի­մէ­ճեան, Մո­նի­քա Տէ­յիր­մեն­ճի, Շի­լա Չո­լա­քեան եւ Այ­լին Կէօլ­փը­նար­լը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016