ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Գալ­ֆաեան Տան խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ե­րէկ խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լե­ցին, ի­րենց տնօ­րէ­նու­հիին եւ ու­սուց­չու­հի­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Փոք­րիկ­նե­րը փու­թա­ցած էին շնոր­հա­ւո­րե­լու ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քին Նոր տա­րին եւ Ս. Ծնուն­դը։ Ա­նոնց այ­ցե­լու­թիւ­նով խմբագ­րա­տանս մէջ իս­կա­պէս ստեղ­ծուե­ցաւ տօ­նա­կան մթնո­լորտ մը։ Ան­մի­ջա­կան ու շատ ջերմ զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տին մէջ ա­նոնք մե­զի հետ բաժ­նե­ցին ի­րենց ման­կա­կան ապ­րում­նե­րը, ման­կա­կան ան­մեղ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ինչ-ինչ դրսե­ւո­րում­նե­րը եւ ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ փա­փաք­նե­րը։

Հա­ճե­լի զրոյ­ցին ա­ռըն­թեր գալ­ֆաեան­ցի փոք­րիկ­նե­րը խմբագ­րա­տանս եր­դի­քին տակ հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով եւ եր­գե­րով, ինչ որ բա­ռին բուն ի­մաս­տով յե­ղաշր­ջեց մեր ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տան­քա­յին մթնո­լոր­տը ու ե­ղաւ մե­զի պար­գե­ւուած ե­զա­կի բա­ժին մը տօ­նա­կան օ­րե­րու ո­գե­ւո­րու­թե­նէն։

Շաբաթ, Յունուար 16, 2016