ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԼՈՒԲԻԱՅԻ ՕՐԸ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րե­ցաւ ա­ւան­դա­կան լու­բիա­յի օ­րուան հրճուան­քը։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րու տա­րե­կան հա­ւա­քը այս տա­րի եւս ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րու հա­մախմբ­ման, ինչ­պէս նաեւ յո­բե­լեար ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րու պար­գե­ւատր­ման։

Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ Գա­րա­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Շիշ­լիի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ այ­ցե­լե­ցին վար­ժա­րա­նի բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դիր Տիգ­րան է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեա­նի շի­րի­մը։ Ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ Ղա­լա­թիոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ եր­դի­քին տակ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նէն վերջ Տիգ­րան է­ֆէն­տի Գա­րա­կէօ­զեա­նի յի­շա­տա­կին հա­մար պաշ­տօն մըն ալ կա­տա­րուե­ցաւ իր շիր­մին վրայ, Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հեր­կե­լեա­նի ձե­ռամբ։ Ներ­կայ էին Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Գա­րուն Գո­վան, տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ, ու­սուց­չա­կան կազ­մի եւ ա­շա­կեր­տու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ այլ ե­րախ­տա­շատ սա­ներ։

Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նէն վերջ բո­լոր գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը ան­ցան դպրոց։ Ճա­շա­րա­նին մէջ ա­նոնք հա­մախմ­բուե­ցան ա­ւան­դա­կան լու­բիա­յի սե­ղա­նին շուրջ։ Ա­նոնք հեր­թա­կան ան­գամ վա­յե­լե­ցին ի­րա­րու ան­մի­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ դպրո­ցի նուի­րա­կան յար­կէն ներս զի­րար վե­րագտ­նե­լու եր­ջան­կու­թիւ­նը։

Շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ ու­սուց­չու­հի Մա­րի Ար­զու­մա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ եւ Ա­րու­սեակ Մո­նէ։ 

Հան­դի­սու­թեան տե­ւո­ղու­թեան կրծքան­շան­ներ յանձ-նըւե­ցան վար­ժա­րա­նի յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը յանձ­նե­ցին այդ կրծքան­շան­նե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր յո­բե­լեար գա­րա­կէօ­զեան­ցիի հա­մար ան­տա­րա­կոյս բա­րո­յա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նին կող­մէ տրուած այդ խորհր­դան­շա­կան պար­գե­ւը։ Կրծքան­շան­նե­րու յանձն­ման փու­լին սրտի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան հաս­տա­տու­թեան զա­նա­զան շրջա­նա­ւարտ­ներ. ինչ­պէս՝ Անդ­րա­նիկ Տու­փի­նեան, Հայկ Նշան, Յա­կոբ Ա­լա­քուշ, Զա­քա­րիա Միլ­տա­նօղ­լու, Հայկ Աս­լա­նեան եւ այլք։ 25-ա­մեայ, 50-ա­մեայ եւ 50 է ա­ւե­լի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րու կրծքան­շան­նե­րու յանձ­նուե­լէն վերջ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հեր­կե­լեան ար­տա­սա­նեց հուսկ բան­քը։

«Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տի աշ­խա­տա­նո­ցէն ներս հան­դի­սու­թեան եզ­րա­փա­կուե­լէն վերջ գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րը շրջայց մը կա­տա­րե­ցին վար­ժա­րա­նին մէջ եւ ի­րար­մէ հրա­ժեշտ ա­ռին բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ։

Լու­բիա­յի օ­րուան մաս­նա­կից­նե­րը ա­ռիթն ու­նե­ցան ա­ռա­ւե­լա­գոյնս հա­ղորդ դառ­նա­լու Գա­րա­կէօ­զեան Տան ան­ցեա­լին։ Ար­դա­րեւ, շրջա­նա­ւարտ­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրուե­ցան հին լու­սան­կար­ներ, նախ­կին տնօ­րէն­նե­րու օ­րագ­րու­թիւն­ներ, ար­խի­ւա­յին նիւ­թեր եւ հին շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ձայ­նագ­րու­թիւն­ներ։

  

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017