ԷՍԱԵԱՆ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան Էսաեան բարեյիշատակ հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիր Մկրտիչ եւ Յովհաննէս Էսաեաններուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յաւարտ Ս. Պատարագի։ Էսաեանի ընտանիքի զանազան սերունդներու ներկայացուցիչներ ներկայ գտնուեցան արարողութեան եւ իրենց խոնարհումը բերին մեծանուն գործիչներու յիշատակին առջեւ։
Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Էսմէրի։
Հոգեհանգստեան պաշտօնին ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր գործակից ընկերները, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, աշակերտներ եւ զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին էսաեանցիները զրուցեցին անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024