ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Գում­գա­բուի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց հան­դի­սա­պե­տեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ ե­ղա­նա­կի վեր­ջին մա­տա­ղօրհ­նու­թիւնն էր այս մէ­կը, ո­րու ար­դիւն­քը ընդ­հա­նուր առ­մամբ ե­ղաւ դրա­կան։ Ար­դա­րեւ, մեր հա­մայն­քը այս տա­րի յա­ջո­ղե­ցաւ հան­գա­նա­կու­թեան ար­դիւն­քը ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նին հասց­նել Կեդ­րո­նա­կա­նի պա­րա­գա­յին։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ան­տես չա­ռին այն հան­գա­ման­քը, որ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի պիւտ­ճէի ա­ռա­ւե­լա­գոյն բա­ցը ու­նէր մեր դպրոց­նե­րու շար­քին։ Ուս­տի, զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը բարձ­րա­ցուե­ցան եւ այս տա­րուան նուի­րա­հա­ւաք­ման ար­շաւ­նե­րու ա­մե­նա­բարձր հա­սոյ­թը ա­պա­հո­վուե­ցաւ։ Սա խնդրի դրա­կան ե­րե­սակն էր։ Միւս կող­մէ, սա­կայն, այս­քա­նով հան­դերձ հա­զիւ կա­րե­լի ե­ղաւ տա­րե­կան պիւտ­ճէի բա­ցի եր­կու եր­րոր­դը հա­ւա­սա­րակշ­ռել։ Ուս­տի, Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին դար­ձեալ յա­մառ աշ­խա­տանք պի­տի տա­նի՝ դպրո­ցի եր­թը կա­յուն պա­հե­լու հա­մար։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ մեծ ե­ռու­զեռ ապ­րուե­ցաւ Գում­գա­բուի մէջ։ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան եւ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վուտ­հան, Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Կեդ­րո­նա­կան երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Քրիս­տին Սալ­մաս­լըի։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տուաւ օ­րուան պատ­գա­մը։ Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն եւ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Ներ­սէս Պատ­րիարք Վար­ժա­պե­տեա­նի շիր­մին վրայ կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն։ Բա­ցի Կեդ­րո­նա­կա­նի հիմ­նա­դիր մե­ծա­նուն պատ­րիար­քէն, այս փու­լին ո­գե­կո­չուե­ցան դպրո­ցի բո­լոր սա­տա­րող­ներն ու սպա­սա­ւոր­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ յա­րա­կից «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեան եւս նա­խա­գա­հեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, ո­րոնց միա­ցան նաեւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան եւ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, բազ­մա­թիւ ծա­նօթ ազ­գա­յին­ներ, բա­րե­րար­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ կեդ­րո­նա­կան­ցի­ներ եւ հիւ­րեր։ Ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րէն Տայք Մի­սի­սօղ­լուի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու եւ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեան։ Ե­րաժշ­տա­կան յայ­տա­գիր գոր­ծադ­րե­ցին Լի­զէթ Է­րէն եւ Մե­լի­նէ Թե­մել­ճի։ Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը յու­շապ­նակ մը պատ­րաս­տած էր սի­րոյ սե­ղա­նի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Հայկ Աս­լա­նեա­նին հա­մար։ Այդ մէ­կը յանձ­նուե­ցաւ ձե­ռամբ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան։

Կեդ­րո­նա­կա­նի սա­նե­րը այս տա­րուան սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­թաց­քին ալ ի­րենց պատ­գա­մը փո­խան­ցե­ցին՝ հե­տե­ւե­լով վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին։ Ա­նոնք տո­ղան­ցե­ցին Կեդ­րո­նա­կա­նէն հա­սած կամ ա­նոր հետ ա­ռըն­չա­կից մե­ծա­նուն մտա­ւո­րա­կան­նե­րու դի­ման­կար­նե­րով ու մէջ­բե­րե­ցին ա­նոնց խօ­սքե­րը՝ իբ­րեւ պատ­գամ ներ­կա­յի հա­մար։ Սի­րոյ սե­ղա­նը ա­­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հուսկ բան­քով։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հան­գա­նա­կու­թեան ար­­դիւն­քը գո­հա­ցու­ցիչ հա­մա­րեց՝ հա­շուի առ­նե­լով մա­նա­ւանդ այս տա­րուան ընդ­հա­նուր կա­ցու­թիւ­նը։

                     

Երկուշաբթի, Յունուար 16, 2017