ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԳԱՐԻՆ ՔԻՒՐՉԻՒՔՕՂԼՈՒ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԱԹԷՆՔ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի, մեներգչուհի Գարին Քիւրչիւքօղլու համերգի մը համար հրաւիրուած է Աթէնք։ Այսպէս, այս ամսավերջին, 26 յունուարին ան մասնակցութիւն պիտի բերէ համերգի մը, որ նախատեսուած է «Քոտալի» երաժշտանոցի երդիքին տակ։

Սոյն ձեռնարկը ձօնուած է մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին։ Յիշեալ երաժշտանոցի տնօրէն ու խմբավար Միխայիլիս Փաթսէասի նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի այս համերգը։ Գարին Քիւրչիւքօղլուն ալ Աթէնք հրաւիրուած է նոյնինքն Փաթսէասի կողմէ։ Այս համերգը միեւնոյն ժամանակ ձօնուած է «Քոտալի» երաժշտանոցի հիմնադրութեան 30-ամեայ յոբելեանին։

Գարին Քիւրչիւքօղլուի Աթէնքի երգացանկին մաս պիտի կազմէ Կոմիտասի շուրջ 15 ստեղծագործութիւնը։ Իրեն պիտի նուագակցի յունահայ դաշնակահար Քրիստին Թոքաթլեան։ Քիւրչիւքօղլու նախընտրած է մեկնաբանել Կոմիտասի ամենայայտնի եւ ամենասիրուած գործերը, որպէսզի թէ՛ յոբելեանը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ արժեւորուի եւ թէ ինք կարենայ դիւրութեամբ հաղորդակցութեան մէջ մտնել ունկնդիրներուն հետ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Գարին Քիւրչիւքօղլուին։

Չորեքշաբթի, Յունուար 16, 2019