ՑԱՒԱԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներուն համար այնքան սիրելի դէմք մը՝ Թորոս Էօզհալաճեան։ Սա իսկապէս ցաւալի կորուստ մըն է։ Ան իր սերունդի ուրոյն ներկայացուցիչներէն մին էր եւ արժանացած՝ համատարած յարգանքի ու համակրանքի։

Թորոս Էօզհալաճեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հետ նոյնացած անձնաւորութիւն մըն էր։ Երկար տարիներ Գթութեան յարկէն ներս պաշտօնավարած էր որպէս հաշուապահութեան ու գանձի բաժնի պատասխանատու։ Իր պարկեշտութեամբ ու վստահելիութեամբ արդարացուցած էր իր վրայ դրուած յոյսերը։ Ազգային տիպար պաշտօնեայ մը ըլլալու համբաւը ձեռք բերած էր՝ բոլորին կողմէ բարձր գնահատուելով։ Իր առաքինութիւններով եւ կարողութիւններով եղած էր եկած-անցած հոգաբարձութիւններու անմիջական գործակից ու լծակից։ Իր նուիրեալ եւ անշահախնդիր ծառայութիւններով միշտ հետամուտ եղած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի շահերուն՝ պաշտպանած էր անոր իրաւունքները եւ նպաստած՝ վերելքին։ Ան թէեւ արհեստավարժ անձնակազմին մաս կը կազմէր, սակայն սիրողական ոգին եւ հաստատութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը կասկած չէին յարուցեր իր պարագային։

Հանրային ոլորտի մէջ ծաւալած գործունէութեան առընթեր, Թորոս Էօզհալաճեան տիպար ընտանեկան հայր մըն էր։ Անսահման սէր կը տարածէր իր ընտանիքի անդամներուն վրայ, նաեւ իր ընկերային շրջանակին համար այնքան սիրելի էր եւ անփոխարինելի։ Թորոս Էօզհալաճեան մեզմէ հրաժեշտ կ՚առնէ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ մեր համայնքի բազում սիրելի անձնաւորութիւններու տերեւաթափ մը խնդրոյ առարկայ է, դժբախտաբար։

Այս տխուր առթիւ մեր խոնարհումը կը բերենք իր ազնիւ յիշատակին առջեւ ու կը մաղթենք, որ լոյս իջնէ իր հոգւոյն։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք ընտանեկան պարագաներուն։ 

Շաբաթ, Յունուար 16, 2021