ԵՐՈՒԱՆԴ ԿՈՊԷԼԵԱՆԻ «ԵՐԱՆԻ ԹԷ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԱԾՈՒՆ՝ ԹՐՔԵՐԷՆՈՎ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է պոլսահայ արդի գրականութեան անմոռանալիներէն Երուանդ Կոպէլեանի բանաստեղծութիւններու թրքերէն ժողովածուն՝ «Keşke…» անունով։ Սա հեղինակի 1948 թուականին հրատարակուած «Երանի թէ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին թարգմանութիւնն է։ Հարկ է նշել, որ թարգմանութիւնը կատարուած է Յովհաննէս Շաշքալի կողմէ. անուն մը, որ թէեւ ծանօթ է՝ որպէս գծանկարչութեան վարպետ, սակայն, թարգմանութեան ոլորտին մէջ ալ ունի կարեւոր ներդրում։

Քանի մը տասնեակ էջերէ բաղկացեալ գողտրիկ ժողովածու մըն է այս մէկը, սակայն թրքերէնով բանաստեղծութիւն ընթերցելու հետամուտներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ բացուիլ՝ դէպի Երուանդ Կոպէլեանի բանաստեղծութեան տեսակաւոր աշխարհը։ Պոլսահայ գրասէրներու մէջ այսօր ալ կան մարդիկ, որոնք Երուանդ Կոպէլեանը կը յիշեն ու ատեն-ատեն հաղորդակցութիւն կը թարմացնեն անոր հիւթեղ գրիչին հետ։ Բնականաբար, իւրաքանչիւր բանաստեղծի պարագային առանձին հաճոյք մըն է անոր բանաստեղծութիւնները ընթերցել արտադրուած լեզուով, սակայն, թարգմանութիւններն ալ առանձնապէս կարեւոր են՝ մանաւանդ, որ տուեալ գիրքի պարագային այդ գործը բաւական բծախնդրութեամբ կատարուած է։

Երուանդ Կոպէլեանի բանաստեղծութիւններու այս ժողովածուն «Արաս»ի կողմէ գրասէրներուն մատուցուած է երկու շատ յատկանշական տեսանիւթով, ինչ որ տարբեր արժէք մը կը վերագրէ գիրքին։ Այսպէս, կողքին վրայ Երուանդ Կոպէլեանի դիմանկարն է՝ անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի ոսպնեակէն։ Կենսագրութեան բաժնին ալ ածանցուած է ուրիշ անմոռանալի վարպետի մը՝ Յակոբ Արատի կողմէ պատրաստուած գծա-դիմանկարը։ Այս երկու տեսանիւթերը ընթերցողին հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն՝ պատկերացնելու համար Երուանդ Կոպէլեանի մարմնաւորած կերպարը, ինչ որ կրնայ ուղղակիօրէն պայմանաւորել անոր գործերուն ընկալումը։

Գրասէրներ վստահաբար անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնեն Կոպէլեանի «Keşke…»ն, որու վերջին ընթերցումը կատարուած է Նեսրին Ուչարլարի կողմէ, իսկ կողքի ձեւաւորումը կատարած է Մելիսա Արսէնեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2024