ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի նշել թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակը։ Այս կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդը պաշտօնի կոչած է կարգադիր յանձնախումբ մը, որու գլուխը կը գտնուի դպրոցի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու։ Կարգադիր յանձնախումբի առաջին ժողովին ներկայ էին Թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Մարի Եանճը, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, կրթական մշակներ, թաղի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ։

Խորհրդակցութեան բոլոր մասնակիցները պատրաստակամութիւն յայտնեցին՝ եռանդով աշխատելու եւ յոբելենական շրջանը լաւագոյնս արժեւորելու համար։ Ժողովականները արտայայտեցին իրենց կարծիքները, որոնց լոյսին տակ յառաջիկային յոբելենական ծրագիրը պիտի ստանայ վերջնական ձեւը։ Պաքըրգիւղցիները կը նախատեսեն յուշամատեանի մը պատրաստութիւնը, կազմակերպել զանազան ձեռնարկներ եւ պաշտօնական ընթրիք մը։

Կարգադիր յանձնախումբի ընդլայնուած կազմով այս առաջին ժողովով արդէն պաշտօնապէս սկսան յոբելենական շրջանի նախապատրաստութիւնները։

Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2018