ՎԻԹԽԱՐԻ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄ
Գումգաբուի աղբիւրները երէկ օրուան երկրորդ կէսին արձագանգ հանդիսացան մեր համայնքին տեսակէտէ շատ դրական իրադարձութեան մը։ Այսպէս, Վճռաբեկ ատեանի կողմէ արձակուած դատավճռի մը հիման վրայ՝ Սիրքեճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձուեցաւ Պատրիարքական Աթոռին։ Սա վիթխարի ձեռքբերում մըն է ու կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ Պատրիարքական Աթոռի յառաջիկայ գործունէութեան տեսակէտէ։
Այս ձեռքբերումը ապահովուած է Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ 3 Յուլիս 2014 թուականին կատարուած դատական դիմումի հիման վրայ։ Նորին սրբազնութեան կողմէ բացուած դատը շուրջ երեքուկէս տարուան իրաւական յամառ պայքարէ մը վերջ տուած է դրական արդիւնք։ Իրականութեան մէջ այդ պայքարը ունի շատ աւելի վաղեմութիւն։ Պատրիարքական Աթոռը այս պատմական խանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու համար դատարան դիմած է՝ որպէսզի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ընէ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները։ Իսթանպուլի 13-րդ հիմնական ատեանը առաջին փուլին արձակած է ժխտական վճիռ մը եւ այդ վճռի բեկանման պահանջով Պատրիարքական Աթոռը դիմած է Վճռաբեկ ատեան՝ վերոյիշեալ թուականին։ Իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի կողմէ ներկայացուած է Պատրիարքական Աթոռը այս դատավարութիւններուն ժամանակ։ Երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանքէ վերջ ապահովուած է արդարութեան յաղթանակի մը համազօր այս մեծ արդիւնքը։ Այժմ կարգը հասած է կալուածաթուղթի եւ համապատասխան արձանագրութիւններու վերաբերեալ գործողութիւններուն, որոնք կարգի պիտի դրուին յառաջիկայ շրջանին։
Հարկ է նշել, որ Սանասարեան խանը պատմականօրէն կտակուած է՝ Էրզրումի երբեմնի համանուն վարժարանի մատակարարման նպատակով։ Հանրապետական շրջանի սկիզբին այդ վարժարանի չգոյանալէն վերջ, այդ կալուածը կը տնօրինուէր Պատրիարքական Աթոռին կողմէ եւ օրուան գահակալը կամ առաջին դէմքը կը համարուէր միակ խնամակալը։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային ալ պիտի վերահաստատուի նման դրութիւն մը։ Այսինքն, այս կալուածի պարագային պաշտօնապէս առանձին վարչական խորհուրդի մը կարիքը պիտի չըլլայ: