ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԷՏԻՐՆԷԳԱԲՈՒԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։ Տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րա­մի կող­մէ գլխա­ւո­րուած ա­շա­կերտ­նե­րը գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կա­տա­րե­ցին ծա­ռա­տունկ, ինչ որ հա­ճե­լի ու ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն։ Ու­սուց­չու­հի­ներ Ե­րա­նու­հի Պալ­ճը եւ Նու­րի­ձա Աբ­րա­հա­մօղ­լու եւս վե­րահս­կե­ցին տղա­քը։

Իս­թան­պու­լի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ, Նա­տիա Թա­շէ­լի միջ­նոր­դու­թեամբ, Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան բա­րե­կարգ­ման հա­մար նուի­րուած 130 ե­ղե­ւին­նե­րը տնկուե­ցան Տա­տեա­նի հին­գե­րորդ դա­սա­րա­նի սա­նե­րուն կող­մէ։ Ա­նոնք այդ գոր­ծը կա­տա­րե­ցին բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ եւ ստեղ­ծե­լով խան­դա­վառ մթնո­լորտ։

Տա­տեա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ ներ­կայ էին Է­յու­պի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թօ Ար­ման եւ իր ըն­կեր­նե­րը, գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ Ռո­մա­նոս Ճէզ­վէ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ո­րոնք ջերմ վե­րա­բեր­մունք ցու­ցա­բե­րե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն նկատ­մամբ։ Գե­րեզ­մա­նա­տան սրա­հին մէջ տղա­քը նաեւ կէ­սօ­րուան ժա­մե­րուն ճա­շե­ցին միաս­նա­բար։

Չորեքշաբթի, Մարտ 16, 2016