Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՅԱՆՈՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՌՈՄԻ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԻՆ

Հռոմէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի  գահակալութեան 7-րդ տարելիցին առթիւ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Այսպէս, Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի լատին կաթոլիկ եղեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ հանդիսապետութեամբ Անգարայի մօտ Պապական նուիրակ Մոնս. Ռասըլի։ Ներկայ էին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը, քաղաքիս Լատին կաթոլիկ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Կոնզալեզ եպիսկոպոսը, Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ այլ զանազան քաղաքներու քրիստոնեայ յարանուանութիւններէն հոգեւոր հայրեր։

Յանուն Պատրիարքական Աթոռին արարողութեան մասնակցեցաւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Եկեղեցւոյ արարողութիւններէն վերջ ընդունելութիւն մըն ալ սարքուեցաւ Պապական նուիրակի Հարպիյէի դիւանատան մէջ։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան այս փուլին Սրբազան Պապի գահակալութեան տարեդարձին առթիւ Մոնս. Ռասըլին փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի շնորհաւորութիւնները, բարեմաղթութիւններն ու խնդակցութիւնները։

Սեն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ արարողութիւնը սկիզբ առաւ երիտասարդներէ բաղկացեալ երգչախումբի մը կողմէ երգուած հոգեւոր երգերով։ Շուրջ մէկ ժամուայ արարողութեան ընթացքին, նախ սուրբգրային բաժիններ ընթերցուեցան, ապա մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ։ Յընթացս արարողութեան քարոզեց Մոնս. Փոլ Ֆիթզփաթրիք Ռասըլ եւ ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները։ Ան յայտնեց, որ Ֆրանսիսքոս Պապի գահակալութեան 7-րդ տարեդարձը առիթ կը դառնար, որպէսզի հոգեւոր հայրեր միանան ու եղբայրական ոգիով աղօթեն։ Այս առումով ընդգծեց, որ Ֆրանսիսքոս Պապը միշտ աղօթք կը խնդրէ հաւատացեալներէն եւ այս արարողութիւնը լաւագոյն նուէրը պիտի դառնար անոր համար։ Այս մէկը առիթ մըն էր նաեւ Աստուծոյ տածած սէրը յիշելու՝  հանդէպ բնութեան եւ ստեղծագործութեան։ Այս ուղղութեամբ աղօթելու հրաւիրեց բոլորը, որպէսզի հիւանդութիւններն ու բնութեան հարցերը յաղթահարուին ու բնութիւնը եւս գտնէ իր խաղաղութիւնը։ Հուսկ, պապական նուիրակը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2020