ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԿԵՍԱՐԻԱ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, այսօր կը մեկնի Կեսարիա։ Իրեն կ՚ընկերակցի նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։

Նորին Ամենապատուութիւնը օդային ճամբով կը մեկնի Կեսարիա, ուր պիտի նախագահէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աւանդական ուխտագնացութեան։ Պատրիարք Հայրը անդրանիկ այցելութիւնը պիտի շնորհէ Կեսարիոյ եկեղեցւոյ, բարեզարդման աշխատանքներէ ետք պիտի կատարէ միջին Անատոլուի մեր միակ եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացումը եւ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր Աթոռը կը վերադառնայ ուրբաթ երեկոյ։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2023