ՄԱՀ՝ ԿԱՐՕ ԱՅՎԱԶԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է համայնքային շրջանակներուն եւ մեր գեղարուեստական կեանքի ծանօթ անուններէն մին՝ Կարօ Այվազ։ Նախընթաց օր, երկարատեւ հիւանդութենէ մը վերջ ան մահացած է՝ խոր ցաւ յառաջացնելով իր սիրելիներուն մօտ։
Կարօ Այվազ սերած է պատուական ընտանիքէ մը, եղած է երբեմնի «Քուլիս» ամսագրի հիմնադիր եւ թատերական գործիչ Յակոբ Այվազի որդին։ Միջոց մը իր հօրը հետ ներգրաւուած է այդ աշխատանքին, նաեւ գործած՝ հրատարակչական բնագաւառէ ներս։ Շրջան մը եղած է տպարանի մը սեփականատէրը։
Վերջին տարիներուն ան կոչուած էր հանգստեան։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը առանձնապէս պիտի յայտարարուի ընտանեկան մահազդով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք ողբացեալին ու կը ցաւակցինք իր հարազատներուն։