ՈՂԲԵՐԳԱԼԻ ԱՆՏԷՐՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային շրջանակներէն ներս վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ կը գտնուին շարք մը լսումներ, ըստ որոնց Շիշլիի ազգային գերեզմանատունէն կորսուած են կարգ մը արժէքաւոր նկարներ։ Այսպէս, ըստ լսումներու, Ասպետ Ջունդի յուշարձան-դամբարանէն կորսուած են այդ գեղարուեստական գործերը։ Համայնքային շրջանակներէն ներս լայն արձագանգ ստեղծած են այն պնդումները, ըստ որոնց Ասպետ Ջունդի երեք գործերը կորսուած են անոր դամբարանէն եւ այս խնդիրը բարձրաձայնուիլ սկսած է վերջին մեռելոցին, երբ հանգուցեալին շառաւիղները այցելած են գերեզմանատուն։ Ըստ նոյն անպաշտօն լսումներուն, գերեզմանատան յանձնախումբի՝ Կարօ Համամճեանի կողմէ գլխաւորուած նախկին կազմի գործունէութեան շրջանին անհետացած են այդ նկարները։
Այս լսումներուն կապակցութեամբ այս առաւօտ հեռաձայնային կապ հաստատեցինք Շիշլիի գերեզմանատան յանձնախումբի պատասխանատուներէն Էրօլ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեանի հետ։ Ան հաստատեց, որ երեք նկարներ անհետացած են Ասպետ Ջունդի դամբարանի պատերէն։ Ըստ Կիւզէլտէվլէթեանի, գերեզմանատան յանձնախումբին այժմու կազմը կը պաշտօնավարէ 2009 թուականէն ի վեր եւ իրենք երբ ստանձնած էին պատասխանատուութիւնը, արդէն գոյութիւն չունէին այդպիսի նկարներ։ Կիւզէլտէվլէթեանի բացատրութիւններով, վերջին լսումներուն զուգահեռ իրենք եւս շարժման անցած են, աշխատանքի լծուելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին հետ։ Էրօլ Կիւզէլտէվլէթեան աւելցուց, որ իրենց շրջանէն առաջ այդ նկարները նորոգութեան համար յանձնուեր են Կեդրոնական վարժարանի նկարչութեան ուսուցիչ Եավուզ Քըլըչէրին եւ այդպէս ալ մնացեր են իր մօտ։ Հիմա որ խնդիրը այս ձեւով հանրային կարծիքի սեփականութիւնը դարձած է, իրենք ալ զուգահեռաբար վերահասու եղած են կացութեան եւ ձեռք առած են միջոցներ։ Ըստ Կիւզէլտէվլէթեանի, Եավուզ Քըլըչէր արդէն թափ պիտի տայ այս աշխատանքին եւ Ասպետ Ջունդի նկարները շուրջ ամսուան մը ընթացքին պիտի վերադարձուին գերեզմանատուն։ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեան աւելցուց նաեւ, թէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդն ալ աշխատանք կը տանի այս հարցի յաղթահարման համար։
Նոյն կապակցութեամբ այս առաւօտ հեռաձայնային կապ հաստատեցինք նաեւ գերեզմանատան յանձնախումբի նախկին ատենապետ Կարօ Համամճեանի հետ։ Նախ ան ըսաւ, թէ խնդրոյ առարկայ նկարները երկու հատ են, այլ ոչ թէ երեք։ Կարօ Համամճեան 2008 թուականին դադրած է գերեզմանատան յանձնախումբին մէջ աշխատելէ։ Իր պաշտօնավարութեան շրջանին, իր գիտակցութեամբ եւ հաւանութեամբ, այդ շրջանի գերեզմանատան յանձնախումբի անդամներէն Ալեքսան Տատեան այդ պաստառները յանձնած է Եավուզ Քըլըչէրին։
Մեր կողմէ յիշեցնենք, որ Կարօ Համամճեանէն վերջ գերեզմանատան յանձնախումբը գլխաւորած է Ալեքսան Տատեան, որ ինչպէս ծանօթ է մահացած է մօտաւոր անցեալին։
Վերադառնալով Համամճեանի բացատրութիւններուն՝ Ասպետ Ջունդի գործերը վնասուած էին խոնաւութեան հետեւանքով։ Ի դէպ, պաստառները աւելի առաջ ալ արդէն վերանորոգուած էին։ Երբ իրենք նկատած են, որ դարձեալ խոնաւութեան բերումով հարցեր յառաջացած են, ապա առաջին հերթին պաստառները տեղափոխուած են գերեզմանատան վարչական շէնքը, իսկ աւելի վերջ յանձնուած՝ Եավուզ Քըլըչէրին։ Կարօ Համամճեան դիտել տուաւ, որ այդ հանգրուանէն կարճ ժամանակ վերջ ինք բաժնուեցաւ գերեզմանատան յանձնախումբի գլուխէն։ Նկատի ունենալով, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին հետ ալ որոշ դառնութիւն մը ապրած էր այդ հանգրուանին, ապա խնդրոյ առարկայ չէր, որ յաջորդած ժամանակաշրջանին հետամուտ ըլլար իրենց շրջանին սկսած գործերու հետապնդման։ Համամճեանի խօսքերով, ապագային լսած էր, որ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը Եավուզ Քըլըչէրի հետ տարակարծութիւններ ապրած էր այդ պաստառներու վերանորոգութեան փոխարժէքին շուրջ եւ այդպէս ալ պաստառները մնացած էին այնտեղ։ «Թէեւ պէտք չէր, որ ըլլար, սակայն այդ գործերը մոռցուեր են Եավուզ Քըլըչէրի մօտ», ըսաւ Կարօ Համամճեան եւ աւելցուց, թէ ներկայիս Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը համաձայնութեան հասած է Եավուզ Քըլըչէրի հետ եւ այդ պաստառները պիտի վերադարձուին գերեզմանատուն։
Թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ, որ առանց վերանորոգութեան ծրագրի պիւտճէին շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը ձեռք բերելու այդ պաստառները յանձնուած ըլլան Եավուզ Քըլըչէրի… Այս եւ նման բազում հարցականները առայժմ կը մնան անպատասխան։
Այս առաւօտ փորձեցինք նաեւ հեռաձայնային կապ հաստատել Եավուզ Քըլըչէրի հետ։ Կեդրոնական վարժարանի քարտուղարութենէն մեզի տեղեկացուցին, որ այսօր ան դասաժամեր չունէր, հետեւաբար կը բացակայէր։ Քարտուղարութենէն ազնիւ գտնուեցան նաեւ մեզի փոխանցել իր բջիջային հեռախօսին թիւը, սակայն քանիցս փորձելով հանդերձ մենք չկրցանք Եավուզ Քըլըչէրի հետ կապ հաստատել՝ մինչեւ թերթիս մամուլի յանձնուիլը։