ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ԶԱՐԿ ԿՈՒ ՏԱՅ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ՀԱՍՑՆԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Շիշլի մարզակումբը անընդհատ աշխատանք կը տանի յայտնաբերելու համար նոր տաղանդները։ Ակումբի կողմէ կազմակերպուած վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի դասընթացքները այս տեսակէտէ կարեւոր միջավայր մը կը ստեղծեն։ Դասընթացքներու մասնակից աշակերտներով շիշլիցիները ստեղծած են պասքեթպոլի փոքրերու կազմ մը, որու անդամները կը բաղկանայ 2008 թուականին ծնածներէ։ Այս խումբը զանազան մրցումներով փորձառութիւն կը շահի եւ իր խաղարկութեամբ յաջողութեան ազդանշաններ կու տայ։ Հակառակ իրենց փոքր տարիքին, շիշլիցիները անանտեսելի յաջողութիւններու կը հասնին եւ իրենց խաղացած մրցումներուն ալ կը նկատուին այդ բոլորը։

Շիշլիի վարչայինները այս կապակցութեամբ կը նշեն, որ ակումբը միշտ հասցուցած է մարզիկներ եւ այսօր ալ զանազան տարիքային դասաւորումներու պարագային իր շարքին մէջ կը գտնուին խոստմնալից մարզիկներ։ Շիշլիի նպատակն է հասցնել այդ երիտասարդները եւ ապահովել, որ անոնք ներգրաւուին մարզական մեծ մրցակցութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2019