Երկուշաբթի 3, Փետրուար 2025
ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄՏԱԽԱՂԵՐ
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնց մասնակցութիւն բերին մեր համայնքային նախակրթարանները։ Մտախաղերու Թրքական ողիմպիական հաւաքականի համագործակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը։ Մասնակիցները թէ՛ խմբային եւ թէ անհատական ձեւով մրցեցան։
Մտախաղերու աւարտին մասնակիցներուն յանձնուեցան վկայականներ եւ յուշանուէրներ։
Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2019