ՀԱՒԱՏԱԼ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ

Յարեաւ Տէրն ի մեռելոց հզօր
զօրութեամբ. հաստատեաց զհիմունս
եկեղեցւոյ սրբոյ (Շարակնոց)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.

Ի Քրիստոս հաւատացեալներ Ճրագալոյցի Սուրբ Պատարագ մատուցուած  ժամէն սկսեալ քառասուն օրեր շարունակ այս կենսաւէտ բառերով պիտի ողջունեն զիրար, որ իսկութեան մէջ Տիրոջ հրեշտակէն փոխանցուած աւետիսն է «իւղաբեր եւ սուրբ կիներուն», որոնք «ողբալով փութապէս եկած էին Տիրոջ գերեզմանին» այցելութեան, առանց գիտնալու, թէ այդ գերեզմանը առժամեայ բնակարան մըն էր իրենց այնքան սիրած Վարդապետին համար։ Առժամեայ բնակարան էր Բեթղեհէմի մսուրը, մինչեւ որ նորածին Մանուկը սկսաւ հասակ նետել Սուրբ Ընտանիքի ջերմութեամբ ու խանդաղատանքով։ Երբ կը նայինք Քրիստոսի՝ «ոչ մեկնելով ի Հօրէ ի սուրբ այրին բազմեալ» Աստուածորդւոյն, կը տեսնենք, թէ անժամանակ, անսկիզբ եւ անվախճան Աստուծոյ մարմնացեալ Բանը, ժամանակի սահմաններուն մէջ մտնելով  եկած է առժամեայ բնակարան՝ աշխարհ, ուր անցուցած է երեսուն եւ երեք տարուան շրջան մը։ Աշխարհի առժամեայ կեցութեան ընթացքին Հօր կամքով կեանքի կոչուած Աստուածային տնօրինութիւնները բաւած են, որ մարդ արարածը հաղորդ դառնայ ճշմարտութեան մը։ Ճշմարտութիւն՝ որ կ՚ուսուցանէ, թէ մարդուն համար ժամանակաւոր սահմանափակ կեանքին կը յաջորդէ յաւիտենական անսահման կեանք մը, որուն ճանապարհը հարթարած է Քրիստոս, Գալիլիացի Վարդապետը։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.  

Հրէից Պասէքի տօնին առթիւ Երուսաղէմ եկած Գալիլիացի Վարդապետէն փրկուած ըլլալու ուրախութիւնը կը տիրէր հրէական օրինապաշտ շրջանակներէն ներս, հակառակ անոր որ զինքը ճանչցողներու մօտ յառաջացած էր ցաւ, արցունք եւ բաժանում։  Չէ՞ որ Զաքարիա մարգարէացած էր եւ Գալիլիացի Վարդապետն ալ այդ մարգարէութիւնը յիշեցուցած էր իր անմիջական մերձաւոր առաքեալներուն. «պիտի հարուածեմ հովիւը, եւ պիտի ցրուին հօտին ոչխարները» (Մատթէոս, 26.31, հմմտ. Զաքարիա, 13.7)։

Հրեայ ժողովուրդին  սրբավայրն էր Երուսաղէմի Սողոմոնեան տաճարը։ Սողոմոն Իմաստուն թագաւորը արժանացած էր  այդ սրբատեղին կառուցել տալու պատիւին. բան մը, որուն չէր արժանացած իր հայրը՝ Դաւիթ մարգարէն, հակառակ անոր, որ ան հաստատած էր տաճարի նախատիպը (Բ. Թագաւորաց, 6.17-19)։ Սողոմոնեան տաճարի մուտքին կար ձուլածոյ  երկու հսկայ սիւներ, որոնք ունէին իրենց յատուկ անունները։ Աջակողմեան սիւնը ծանօթ էր Յաքին անունով, իսկ ձախակողմեանը՝ Բոոզ։ Երկու անունները ունէին յատկանշական իմաստներ. Յաքին կը նշանակէ «պիտի հաստատէ», իսկ Բոոզ՝ «անոր մէջ զօրութիւն» (Գ. Թագաւորաց, 7.21, Բ. Մնացորդաց, 3.17)։

Քրիստոսը որպէս փրկիչ մարդկութեան ընդունած եւ Քրիստոնէական հաւատքով տոգորուն հաւատացեալ հոգիներ իրենց բարոյական ու հոգեւոր տաճարներուն մէջ ունին երկու հիմնական սիւներ։ Անոնցմէ մին՝ Քրիստոսի մարդեղութեան մեծ եւ սքանչելի խորհուրդն է։ Այս խորհուրդի յայտնութեամբ  Աստուած ցոյց տուաւ, թէ հաւատարիմ էր իր խոստումին ու կը հաստատէր զայն։ Մեր նախածնողքի անկման պատճառին՝ օձին ուղղուած խօսքն էր սա, նախքան մեր նախածնողքին արտաքսումը դրախտէն  «Եւ Տէր Աստուած օձին ըսաւ. Աս ընելուդ համար՝ բոլոր անասուններէն եւ դաշտին բոլոր գազաններէն անիծեալ ըլլաս, փորիդ վրայ քալես ու կեանքիդ բոլոր օրերը հող ուտես։ Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Ծննդոց, 3.14-15)։

Զատիկ է այսօր։ Քրիստոնէական մեր հաւատքի երկրորդ հիմնական սիւնին տօնախմբութիւնը։ Քրիստոնէական մեր հաւատքի երկրորդ սիւնն է Քրիստոսի Սուրբ Յարութիւնը, որուն զօրութիւնը կարող է նոր կեանքը պարգեւել։ Աստուծոյ հողէն ստեղծած եւ մեղքով ինկած հին մարդը իր հագած նոր կեանքի պատմուճանը կը պարտի այդ զօրութեան։ Ի զուր չէ, որ եկեղեցին հրեշտակէն տրուած աւետիսին ուղղութեամբ ի լուր աշխարհի կը յայտարարէ, թէ Քրիստոս «Իր մահովը մահը խորտակեց եւ իր Յարութեամբը՝ մեզի կեանք պարգեւեց» (Ժամամուտ Ս. Զատկի)։

Սուրբ Աւետարանը կը նկարագրէ պատահած անսովոր դէպքերը, երբ Քրիստոս Իր հոգին կ՚աւանդէր Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ. «Տաճարի վարագոյրը վերէն մինչեւ վար երկուքի պատռած էր եւ երկիրը շարժած, ժայռեր ճեղքուած, գերեզմաններ բացուած եւ ննջեցեալ սուրբերու բազմաթիւ մարմիններ յարութիւն առած էին» (Մատթէոս, 27.51-53)։ Այս երկրաշարժը եւ պատահարները դուռ բացին, որ այս անգամ հեթանոս հարիւրապետի ու իր կողքին պահպանութիւն ընող զինուորներու բերնէն արտասանուի խոստովանութիւն մը. «Արդարեւ Աստուծոյ Որդի է սա»։ Խոստովանութիւն մը, որ զուգահեռ էր Պետրոս առաքեալի խոստովանութեան։ Ան շեշտած էր, թէ «Քրիստոս յաւիտենական կեանքի խօսքերն ունէր եւ զայն ճանչցած էին որպէս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին» (Յովհաննէս, 6.69)։

Սուրբ Աւետարանը կը նշէ այլ երկրաշարժ մը, պատահած՝ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան պահուն, երբ Տիրոջ հրեշտակը կայծականման տեսքով ու ձիւնի պէս սպիտակ զգեստով երկինքէն իջնելով  մօտեցած եւ դրան առջեւի քարը մէկ կողմ գլորելով նստած էր անոր վրայ։ Այս երկրաշարժէն յետոյ էր, որ Քրիստոսի յարութիւն առած ըլլալը յայտարարուեցաւ այն կիներուն, որոնք շաբաթօրեայ հանգիստէն յետոյ ճամբայ ելած էին Տիրոջ մարինը օծելու, որպէս նշան յարգանաց եւ սիրոյ (Մատթէոս, 28.2)։

Օր մը երբ Քրիստոս կը քարոզէր, ժողովուրդին մէջէն կին մը խանդավառուած հոգեվիճակով բարձրաձայն գոչած էր, ըսելով. «Երանի՜ այն որովայնին, որ կրեց քեզ, եւ ստինքներուն, որ կաթ տուին քեզի» (Ղուկաս, 11.27)։ Երանութիւն մը, որ լռելեայն ուղղուած էր Սուրբ Կոյս Մարիամին։ Եւ այսօր մենք Քրիստոսի յարութեան հաւատացողներ երանի կու տանք այն կիներուն, որոնք առաջին անգամ ստացան Սուրբ Յարութեան աւետիսը եւ առաջին փոխանցողները այս աւետիսին։ Եւ քայլ մը եւս յառաջանալով երանի կու տանք Մարիամ Մագդաղենացիին, որ եղաւ առաջին ականատեսը յարուցեալ Փրկչի փառաւորեալ մարմնին։

Ֆիզիքական երկրաշարժներուն կը հետեւին ֆիզիքական երեւոյթներ։  Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան պահերուն պատահած երկրաշարժներուն հետեւած սքանչելի հոգեւոր տեսարանները, իսկութեան մէջ  կը հրաւիրեն բոլորս լաւագոյնս վերաթարմացնելու մեր հաւատքը այն անյեղլի ճշմարտութեան նկատմամբ, որ սերտօրէն առընչուած է Քրիստոսի անձին եւ առաքելութեան հետ. «Քրիստոս ճշմարտապէս Փրկիչն է աշխարհի» (Յովհաննէս 3.42). նաեւ Քրիստոսի սիրելի աշակերտին՝ Յովհաննէսի վկայութեամբ «Հայրը ղրկած էր Որդին իբրեւ Փրկիչ աշխարհի» (Ա. Յովհաննէս, 4.14)։

Կը հրաւիրուինք մեր սրտերն ու հոգիները բանալու ինչպէս Քրիստոսի մարդեղութեան, այնպէս ալ Սուրբ Յարութեան սքանչելիքին։ Անոնց նկատմամբ դոյզն իսկ կասկածի կամ հաւատքէն շեղումի նշոյլի մը գոյութիւնը երկրաշարժի դեր կատարելով Սուրբ Աւետարանի ճշմարտութեանց քարոզութեամբ կերտուած մեր հոգեւոր տաճարները կը ցնցեն։ Իսկ հաւատքի լուրջ պակասի զօրաւոր ցնցումով փուլ կու գան անոնք։

Աստուծոյ կամքն էր, որ կորսուածի անձին մէջ կերտուի հոգեւոր տաճար մը։ Պօղոս առաքեալ իր խօսքը Եփեսացիներուն ուղղելով կ՚ըսէ. «Օտար եւ պանդուխտ չէք, այլ՝ քաղաքակիցներ սուրբերուն եւ Աստուծոյ ընտանիքէն, շինուած առաքեալներու եւ մարգարէներու հիման վրայ, որուն անկիւնաքարն է Քրիստոս Յիսուս, անոր վրայ ամբողջ կառոյցը,  ագուցուած եւ յարմարած, կ՚աճի եւ կը կազմէ սուրբ տաճար մը  Տիրոջմով, որուն մէջ դուք ալ անոր հետ կը կառուցուիք իբրեւ բնակարան Աստուծոյ՝ Հոգիին միջոցաւ» (Եփեսացիս, 2.20-22)։

Առաքելական յիշեցումը խորքին մէջ ունի նաեւ ազդարարական բնոյթ, որպէսզի Աստուծոյ կամքով հաստատուած բարոյական տաճարը մնայ անվթար։ Առաքեալը կը յիշեցնէ նաեւ, թէ ի Քրիստոս հաւատացեալը «Աստուծոյ տաճարն է եւ անոր մէջ կը բնակի Սուրբ Հոգին» (Ա. Կորնթացիս, 3.16)։ Եկեղեցին կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՜ս եղած ենք Սուրբ Հոգւոյ տաճար։ Այդ յիշեցումը արձագանգն է Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդին, որու կատարմամբ թաղուած ենք Քրիստոսի հետ եւ յարութիւն առած՝ Իրմով։ Մկրտիչ հոգեւորականի արտասանած բանաձեւն է սա. «Ծառայ կամ աղախին Աստուծոյ, եկած՝ երախայութենէն մկրտութեան համար. կը մկրտուի անունովը Հօր եւ Որդւոյ եւ Սուրբ Հոգիին. գնուելով Քրիստոսի արիւնովը մեղքի ծառայութենէ. կ՚ընդունի Երկնաւոր Հօր որդեգրութիւնը. ըլլալու ժառանգակից Քրիստոսի եւ Տաճար Սուրբ Հոգիին»։

Սա մեր Քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնն է, թէ մարդը մեղքի խաւարէն դուրս բերուեցաւ Աստուծոյ շնորհքով, նոր մարդը կերտուեցաւ խաչի պատարագով եւ Սուրբ Յարութեան շնորհիւ։ Ուստի ոչ ոք թող յանդգնի աննախընթաց հրաշքին՝ Սուրբ Յարութեան զօրութիւնը անտեսել եւ կամ Սուրբ Յարութեան դէպքին մօտենալ կասկածամտութեամբ։ Հակառակ առաքելական պատուէրին, որքան ցաւալի է պարագան, երբ կասկածամտութեամբ, թերահաւատութեամբ եւ կամ անհաւատութեամբ կը տրտմի Սուրբ Հոգին եւ կը դատարկանան մարդկային կեանքի հոգեւոր տաճարները եւ ապա փուլ կու գան (հմմտ. Եփեսացիս, 3.30)։  Հին Ուխտին մէջ հրեայ ժողովուրդը «ազգ սուրբ, ժողովուրդ սեպհական» էր։ Մկրտութեամբ, Աստուծոյ անսահման ողորմութեամբ կոչուած ենք արժանանալու Նոր Ուխտի զաւակներ կոչումին, դառնալով Նոր Ուխտի «սուրբ ազգ եւ սեպհական ժողովուրդ»ի անդամներ այս անգամ ձրի պարգեւուած շնորհքով։ Այդ շնորհքով է, որ անգիտութեան խաւարէն դուրս բերուեցանք եւ առաջնորդուեցանք ճշմարտութեան լոյսին, որուն մէջ խտացած են Աստուծոյ Խօսքը եւ Սուրբ Յարութեան լոյսը։

Այդ լոյսով լուսաւորուածներ կը հրաւիրուին չգերադասել իրենց որպէս թէ ունեցած արժանիքները, աննկատ թողլով Յարութեան զօրութեան հաւատք ընծայելու քաղցր լուծը։ Պէտք է ի մտի ունենալ, թէ այդ արժանիքները եթէ յիրաւի արժէք կը ներկայացնեն, անոնք կը պատկանին Աստուծոյ, քանի Ան է տուիչը ամենայն բարիքներու։ Տարսոնացի առաքեալը երբ մէկ կողմէն կը թուէ իր ունեցած արժանիքները, միւս կողմէ կը շեշտէ, թէ այդ բոլորը որոնք իսկութեան մէջ շահ էին իրեն համար, վնաս կը նկատէր Քրիստոսի համար ու կը շարունակէ. «Ամէն բան վնաս կը նկատեմ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի գերազանց գիտութեան վերաբերմամբ։ Անոր համար ես ամէն բանէ զրկուեցայ եւ այդ ամէնը աղբ կը սեպեմ, որպէսզի շահիմ Քրիստոսը եւ անոր մէջ գտնուիմ. Ոչ թէ անոր համար որ ունիմ իմ արդարութիւնս՝ որ օրէնքն է, այլ Քրիստոսի հաւատքէն եկած արդարութիւնը, որ Աստուծմէ եկող արդարութիւնն է հաւատքով, որպէսզի ճանչնամ զայն ու ԱՆՈՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ» (Փիլիպպեցիս, 3.8-10)։

Շարականի բառերով կ՚երգենք. «Յարեաւ Տէրն ի մեռելոց հզօր զօրութեամբ. հաստատեաց զհիմունս եկեղեցւոյ սրբոյ-Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս Իր հզօր զօրութեամբը մեռելներէն յարութիւն առաւ եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ հիմերը հաստատեց»։ Սուրբ Մկրտութեամբ անդամներն ենք Քրիստոսահիմն Սուրբ Եկեղեցւոյ։ Անխառն հաւատքով ու բոլորով սրտիւ ապաւինինք Տիրոջ Յարութեան զօրութեան։ Սուրբ Գերեզմանէն ծագած եւ անգիտութեան խաւարը հալածող լոյսի շողերուն լուսաւորող զօրութեան։ Մեր հայեացքը ուղղենք առ Աստուած եւ հայցենք Ամենակալէն, որ զօրացնէ եւ անխախտ պահէ մեր հաւատքը սուրբ տնօրինութեանց կենսանորոգ զօրութեանց նկատմամբ։ Յիշենք Քրիստոսի Խօսքը բարեկամին՝ Ղազարոսի գերեզմանին առջեւ. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով որ հաւատայ ինծի, թէպէտ մեռնի ալ պիտի ապրի» (Յովհաննէս, 11.25)։ Շարակնոցի աղօթախառն բառերով դիմենք յարուցեալ Փրկչին ըսելով. «Դու ես Քրիստոս կեանք եւ յարութիւն ազգի մարդկան. ողորմեա։  Դու յարուցեալ նորոգեցեր զտիեզերս. ողորմեա։ Յոյս յարութեան մերոյ աղբիւր կենաց եւ փրկութեան. ողորմեա»։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

Փառք Իր հրաշափառ Յարութեան։ Յարուցեալ Փրկչի կենսանորոգ զօրութիւնը ընդ մեզ եղիցի յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Ապրիլ 2022, Գատըգիւղ

Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2022