ՏԱՏԵԱՆՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին տե­սա­կէ­տէ այս շա­բա­թա­վեր­ջը բնո­րո­շուե­ցաւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու տա­րե­կան հա­ւա­քով։ Դպրո­ցի նոր հա­մա­լի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն պա­տուոյ հիւ­րերն էին Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Պա­քըր­գիւ­ղի քա­ղա­քա­պետ Պիւ­լենտ Քե­րի­մօղ­լու։ Մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էին Պա­քըր­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տեմիր եւ իր ըն­կեր­նե­րը, զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ շրջա­նա­ւարտ­ներ եւ հիւ­րեր։

Տա­տեան­ցի­նե­րը նախ հա­մախմ­բուե­ցան նո­րա­կա­ռոյց դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ, ուր­կէ ան­ցան «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հը։ Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադրուե­ցաւ Թա­նիա Չա­թա­քի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, Սե­լի­նա Տողան եւ Ա­րաք­սի Էօլ­չէր։ Ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Ալ­վի­նա Ա­քըն, Գա­րէն Ա­թաք­լի­կան, Քա­մի Իւ­լիւ­թաշ եւ Ա­րիա­նա Սեր­գի­սեան։

40-ա­մեայ շրջա­նա­ւարտ յո­բե­լեար դա­սա­րա­նէն Լե­ւոն Յա­կոբ Ա­սա­թոր յու­շա­նուէր մը ստա­ցաւ ձե­ռամբ դպրո­ցի նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Հեր­մի­նէ Պեն­լիօղ­լուի եւ ար­տա­սա­նեց սրտի խօս­քը։ Յու­շա­նուէր­ներ պատ­րաս­տուած էին նաեւ 25-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց ա­նու­նով խօսք ա­ռին Մե­լի­սա Ա­րուզ­կա Քէօյ­լի­ւեան եւ Ա­լին Լա­րո­սեան Սի­րո­բեան։

Ա­շա­կերտ­նե­րը պա­րեր ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Նա­րօտ Կիւ­լէ­չի մա­կա­նին ներ­քեւ։ Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձան նաեւ բազ­մա­վաս­տակ կրթա­կան մշակ­ներ Իր­մա Չո­թու­րօղ­լու եւ Ա­նա­հիտ Ա­շը­քեան։

Բա­ժա­կի պա­հուն հան­դէս ե­կան Լա­րո­սեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ե­րեք սե­րունդ ա­նընդ­մէջ յա­ճա­խած են Տա­տեան վար­ժա­րան։ Ա­նոնց ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցան Հայ­քօ Լա­րո­սեան եւ իր դուստրը՝ Լեռնա Թորուսօղլու։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, մինչ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ի պա­տիւ հա­տուե­ցան նաեւ կար­կան­դակ­ներ։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016