ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԲԱՌԱԽԱՂ

Էսաեան լիսէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ միջվարժարանային անգլերէն բառախաղի մրցոյթը, որ 12-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Մրցոյթին մասնակցութիւն բերին մեր համայնքէն 11 միջնակարգ եւ 5 լիսէ, ինչպէս նաեւ յոյն համայնքէն երեք վարժարան։

Մրցոյթի բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան։ Կանոններու մասին բացատրութիւններ տուաւ անգլերէնի ուսուցչուհի Քաթիա Շամ։ Հինգ հանգրուաններէ բաղկացեալ մրցոյթի աւարտին յայտնի դարձան դափնեկիրները։ Միջնակարգի խմբաւորման մէջ յառաջատարները եղան Պէզճեան Մայր վարժարանը, Էսաեան վարժարանն ու Մէրամէթճեան վարժարանը։ Նոյնպէս միջնակարգերու պարագային անհատական գետնի վրայ յաջողագոյնները հանդիսացան Ռինա Աքպաշ, Լենա Սարըօղու եւ Գարուն Արսլան։

Լիսէի դասաւորման մէջ յառաջատարները եղան՝ Էսաեան վարժարան, Սահակեան-Նունեան վարժարան եւ Կեդրոնական վարժարան։ Անհատական գետնի վրայ յաջողագոյններն էին Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան, Ժպիտ Ալլահվերտի եւ Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր գնահատանքի արժանացան Գարուն Արսլան եւ Սեւակ Պիւյիւքսիմքէշեան, որոնք ամենաբարձր նիշերը ապահոված էին։

Անգլերէն բառախաղի ծրագրին տեւողութեան Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան եւ Ժոզէֆ Եունքէշ գործադրեցին երաժշտական յայտագիր իրենց ընկերներուն համար։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018