ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԷՏԻՐՆԷԳԱԲՈՒԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան քսան կա­խա­ղան­նե­րը ե­րէկ ո­գե­կո­չուե­ցան Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Փա­րա­մա­զի ան­ձին մէջ խորհր­դան­շուած այս քսան յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պուած էր «Նոր զար­թօնք»ի կող­մէ։  Հարկ է նշել, որ Հնչա­կեան քսան յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րը դար մը ա­ռաջ մա­հա­պա­տի­ժի են­թարկուած էին Պէ­յա­զը­տի հրա­պա­րա­կին վրայ, իսկ ա­ւե­լի վերջ ա­նոնց մար­մին­նե­րը հա­ւա­քա­բար հո­ղին ամ­փո­փուած՝ Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Այս տխուր պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը ե­րէկ վեր­յի­շուե­ցաւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը նախ վայր­կեան մը յար­գան­քի լռու­թիւն պա­հե­լով բե­րին ի­րենց խո­նար­հու­մը Հնչա­կեան գոր­ծիչ­նե­րուն առ­ջեւ, իսկ ա­ւե­լի վերջ Ա­նուշ Ա­սա­տու­րօղ­լու ըն­թեր­ցեց Վա­հան Թէ­քէեա­նի եւ Նշան Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի՝ ա­նոնց ձօ­նուած բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը։ «Նոր զար­թօնք»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Սա­յաթ Թէ­քիր եւ Գա­մէր Քէօ­սէեան յի­շեալ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րէն վերջ ըն­թեր­ցե­ցին հա­յե­րէ­նով եւ թրքե­րէ­նով մամ­լոյ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։

Ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ կը կրէին Հնչա­կեան քսան կա­խա­ղան­նե­րուն մե­ծա­դիր նկար­նե­րը եւ այլ պաս­տառ­ներ։

Ե­ՐԵ­ՒԱ­ՆԻ ՄԷՋ

Միւս կող­մէ, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հնչա­կեան քսան կա­խա­ղան­նե­րուն յի­շա­տա­կին ձօ­նուած ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։ Ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ զե­կու­ցում­ներ ներ­կա­յա­ցուե­ցան Հնչա­կեան գոր­ծիչ­նե­րու ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­նոնց են­թար­կուած մա­հա­պա­տի­ժի հան­գա­մանք­նե­րուն շուրջ։

Երեքշաբթի, Յունիս 16, 2015