ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած է 2015-2016 կրթական շրջանի ներկայ եզրափակիչ փուլին։ Անցեալ տարի ձեւաւորուած նախընթացին հիման վրայ այս տարի եւս տարեշրջանի վերջընթեր շաբաթը դպրոցէն ներս կը բնորոշուի փառատօնով մը։ Այս ծրագրին շրջագծով, շաբթուան իւրաքանչիւր օրը յատկացուած է դասի մը։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ ուսուցչական կազմը վերահսկած են բոլոր պատրաստութիւնները եւ այս ծրագիրը խոր տպաւորութիւն գործած է տղոց վրայ։
Փառատօնի փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ թաղի պատասխանատուները։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու բարձր գնահատեց ուսուցչական կազմէն՝ Աննա Սարը Սեչքինը, Լետա Ֆիտանը, Մարալ Չաքըրը, Վերա Հեմենկիւլը, Թամար Մանկասարը, Թայիս Պուտաքը, Նաժտա Տեմիրճիօղլուն եւ Եւգինէ Ինճիտիւզէնը, որոնք մեծ եռանդ գործադրած էին այս ձեռնարկին համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024