ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԷՋ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Էսաեան վարժարանի մէջ ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ երկօրեայ խանդավառ խրախճանք մը։ Երէկ առաւօտ սկսաւ տարեվերջի այս խրախճանքին ծրագիրը, որ աւարտին հասաւ այսօր։ Նման ձեռնարկ մը առաջին անգամ կը կազմակերպուի Էսաեան վարժարանին մէջ։ Ըստ էութեան, լիսէի համար նախատեսուած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը, սակայն դպրոցէն ներս ստեղծուած խանդավառ մթնոլորտէն անմասն չմնացին նաեւ միջնակարգի տղաքը։
Խրախճանքի ծրագիրը գործադրուեցաւ թէ՛ դպրոցի սրահին մէջ եւ թէ բացօթեայ։ Համայնքային այլ վարժարաններէն խումբեր ալ հրաւիրուած էին այս խրախճանքին, որուն համար բազմակողմանի յայտագիր մը պատրաստուած էր։ Թատերական ներկայացումներէ եւ ասուլիսներէ սկսեալ մինչեւ երաժշտութիւն, պար եւ կրաֆիքի աշխատանքներով՝ ներկայացուած ճոխ յայտագիրը իսկապէս հրապուրեց երիտասարդները, որոնք ամառնամուտի ներկայ շրջանին ըմբոշխնեցին այս խրախճանքին եզակի մթնոլորտը։ Երիտասարդները հաղորդ դարձան Պղատոնի, Արշիլ Կորքիի եւ Ազիզ Նեսինի նման մեծութիւններու ժառանգին։
Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի կողմէ վարժարանի աշակերտները խրախուսուած էին՝ այս խրախճանքը կեանքի կոչելու համար։