ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին կազմակերպուած հանդիսութիւնները առիթ դարձան մեծ ոգեւորութեան։ Հիմնական հանդէսին առընթեր տեղի ունեցաւ երգի ու պարի երեկոյթ մը, որ կազմակերպուած էր պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի ջանքերով։ Զանազան դասարաններ իրենց յայտագիրը կեանքի կոչեցին յաջողութեամբ՝ մինչ բոլոր սաները արժանացան ծափահարութիւններու։

Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը իւրաքանչիւր ձեռնարկին ժամանակ շնորհաւորեց աշակերտներն ու կրթական մշակները, որոնց բարեմաղթութիւններ ըրաւ յառաջիկայ ամրան արձակուրդին համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2022