ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Թոփ­գա­բուի ըն­տա­նի­քը խան­դա­վա­ռու­թեամբ նշեց Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րը։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տա­ղա­ւա­րի առ­թիւ պա­տա­րա­գեց Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։ Կո­կիկ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան Ս. Պա­տա­րա­գին եւ խա­ղա­ղօրհ­նէ­քին։

Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը օրհ­նուած ող­կոյզ­նե­րը բաժ­նե­ցին այն ուխ­տա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք Ս. Աս­տուա­ծած­նի տա­ղա­ւա­րը ան­ցու­ցին Թոփ­գա­բուի մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016