Ո՞Վ ԵՆ ԱՅՍ ՀԱՅԵՐԸ
«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է հետաքրքրական գիրք մը, որ կը կոչուի «Ո՞վ են այս հայերը»։ «Հայ հիմնարկ»ի համագործակցութեամբ հրատարակուած է այս գործը, որ անգլերէն բնագրին թրքերէն թարգմանութիւնն է։ Բուն հեղինակն է Սուզըն Փոլ Փեթի, որուն ընկերացած են Գագիկ-Ստեփան Սարգիսեան եւ Մարալ Քերովբեան։ Թրքերէնի թարգմանած է Լորա Սարը։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքին անգլերէն բնագիրը հրատարակուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի եւ «Պենլիեան» հիմնարկի միջոցներով։ Հեղինակը Լոնտոնի «Հայ հիմնարկ»ի նախկին ղեկավարն է, իսկ ներկայիս մաս կը կազմէ հոգաբարձուներու խորհուրդին։ Ճոխ տեսողական առարկաներով պատրաստուած այս գիրքին լուսանկարներուն մեծամասնութիւնն ալ կը պատկանի իր ոսպնեակին։
Հայոց պատմութեան, երկրագունդի վրայ հազարաւոր տարիներու երթին, ներկային, կենցաղին, հաւատին, լեզուին ու մշակոյթին, հարուստ ժառանգութեան, պետականութեան վերաբերեալ հպանցիկ ակնարկ մը կը ցոլացնէ այս գիրքը։ Գործին մասնայատկութիւններէն մին այն է, որ ամէն ինչ չափազանց պարզ ու մատչելի ձեւով ներկայացուած է։ Դիւրաւ հասկնալի, բայց ոչ-մակերեսային բովանդակութեամբ այս գիրքը ուղղուած է հաւասարապէս գրեթէ բոլոր սերունդներուն համար։ Մանուկներէ եւ երիտասարդներէ սկսեալ մինչեւ երէցներ կրնան օգտուիլ այս գիրքէն, թէեւ մասնաւորապէս թիրախաւորուած են մինչեւ տասնվեց տարեկանները։
Անոնք, որոնք կը թղթատեն այս գիրքը՝ կը գտնեն ողջունելի ուղեցոյց մը, որ կը նպաստէ հայ ժողովուրդը ճանչնալու։ Շուրջ երեք հազար տարուան պատմութեան մը խտացումը ցոլաց-ւած է այս գիրքին մէջ։ Հայաստանը, Սփիւռքը, այսօրուան Թուրքիոյ տարածքի պատմականօրէն հայաբնակ շրջանները վարպետօրէն մատուցուած են գործին մէջ։ Ուշագրաւ երեսակներէն մին ալ այն է, որ երկրագունդի զանազան անկիւններու բնակիչ հայ մանուկներու կեանքէն դրուագներու ալ տեղ տրուած է այդ ամբողջին մէջ՝ Հայաստանով, Սփիւռքի զանազան շրջաններով եւ թրքահայութիւնով հանդերձ։ Պատմութեան ու մշակոյթին առընթեր գիրքը տեղեկութիւններ կը բովանդակէ խոհանոցի, պարերու, գեղարուեստի, բանաստեղծութեան, մարմնամարզութեան, ժողովր-դական բանահիւսութիւններու եւ խաղերու շուրջ։ Չեն անտեսուած նաեւ այն նշանաւոր հայերը, որոնց խորհրդանշած կերպարը ներկայիս բարձր ձգողականութիւն ունի հայոց նոր սերունդը ազգային արժէքներուն կապելու տեսանկիւնէն։
Շուրջ վաթսուն էջերէ բաղկացեալ այս գիրքին թղթատութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, համաշխարհային հաճելի շրջագայութեան մը առիթը կ՚ընձեռէ։ Արդարեւ, Պուէնոս Այրէսէն մինչեւ Երուսաղէմ, կամ Փարիզէն մինչեւ Պէյրութ՝ հայոց կայք հաստատած ամբողջ աշխարհագրութիւնը կը նկարագրուի հակիրճ տողերու մէջ։ Կարգ մը բանալի բառերու միջոցաւ խորհրդանշական սակայն խորքային ազդանշաններ կը տրուին՝ վիթխարի արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու նպատակով. օրինակ՝ «առաքելական», «Աւարայր», «Էջմիածին», «մատենադարան», «վարդապետ» եւայլն։
Գիրքին մէջ մասնաւոր բաժին մը յատկացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան, որուն ածանցուած ձեւով տեղեկութիւններ կան նաեւ Առաջին Հանրապետութեան, Սովետական Հայաստանի, 1988 թուականի երկրաշարժին եւ Արցախի շուրջ։
Թրքերէն թարգմանութեան գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։ Գիրքին կողքը զարդարուած է Շուշիի բնակիչ երիտասարդուհիի մը՝ Զաքքայի լուսանկարով (հեղինակ՝ Շուշան Քերովբեան)։ Շատ կարեւոր, նոյնիսկ այսօրուան պայմաններով էական երեսակներէն մին ալ այն է, որ այս գիրքի հրատարակութեան զուգահեռ պատրաս-տուած է նաեւ համացանցային մասնաւոր կայքէջ մը, որու վրայ կը գտնուին երգեր, բանաստեղծութիւններ, պարի բնորոշ երաժշտութիւն եւ լեզուի վարժութիւններ։