ԳՆԱԼԸԻ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Գնալը կղզիի մէջ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ երէկ տեղի ունեցան ֆութպոլի հանդիպումներ։ Տաղաւարի օրուան բնորոշ համայնքային մարզակումբերուն կողմէ կեանքի կոչուած աւանդական նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը։ Կղզիի «Հրանդ Պարսամեան» մարզադաշտին վրայ այս առթիւ տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ, որոնք առիթ հանդիսացան մօտաւոր անցեալին մահացած երկու արժէքաւոր մարզիկներու՝ Հեւես Ուլութաշի եւ Կարպիս Պոզօղլանօղլուի վերյիշման։ Խաղերէն մին Գնալըի եւ Թաքսիմի միջեւ տեղի ունեցաւ՝ մինչեւ 17 տարեկաններու կազմերով։ Դժբախտաբար հանդիպումը լարուած մթնոլորտի մը մէջ անցաւ եւ ծագած կռիւին պատճառաւ մնաց կիսաւարտ։ Միւս խաղը տեղի ունեցաւ Թաքսիմի եւ Սահակեանի վեթերաններու միջեւ։ Սահակեանցիները 3-1 արդիւնքով առաւելութեան հասան։

Մրցումներուն ներկայ էին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան։ Անոնք յուշանուէրներ յանձնեցին Ուլութաշ եւ Պոզօղլանօղլու ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն, որոնք խորապէս տպաւորուած էին իրենց լուսահոգի հարազատներու յիշատակին նկատմամբ ցուցաբերուած երախտագիտութենէն եւ զգայնութենէն։ Կարօ Համամճեան այս առթիւ հակիրճ ելոյթով մը հանդէս եկաւ, որու ընթացքին իր յարգանքը արտայայտեց վերջին անտառային հրդեհներու եւ ջրհեղեղներու հետեւանքով զոհուածներու յիշատակին նկատմամբ, մինչ այդ անոնց համար յարգանքի լռութիւն ալ պահուեցաւ։ Միեւնոյն ժամանակ Թաքսիմի ատենապետը վերյիշեց նորոգ հանգուցեալ ելմտագէտ Եդուարդ Գովանն ու մամլոյ սպասաւոր Կարօ Համամճեանը, որոնց կորուստը վերջին շրջանին մեծ ցաւ յառաջացուց համայնքային շրջանակներէն ներս։

Այսպէսով եկեղեցիէն մարզադաշտ տեղափոխուած տաղաւարի օրուայ խանդավառութիւնը հասաւ իր աւարտին, թէեւ յառաջացած լարուածութիւնը ցաւ պատճառեց բոլորին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 16, 2021