ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ երէկ Գնալը կղզիին մէջ սկսաւ մարմնամարզական փառատօն մը։ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ նախկին գահակալին՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը։ Փառատօնի սկիզբը բնորոշուեցաւ հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով՝ գլխաւորութեամբ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։

Առաջին անգամ 2019 թուականին կազմակերպուած էր այսպիսի փառատօն մը։ Համավարակի տարիներու ակամայ ընդհատումէն վերջ այժմ ծրագիրը կը շարունակուի՝ համապատասխան նախընթաց մը ստեղծելու մտադրութեամբ։

Փառատօնի բացման փուլի յայտագիրը ընդգրկեց երաժշտութիւն եւ մոմի լոյսով հոգեւոր երգերու կատարումներ։ Ստեղծուած խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանն ալ ելոյթով մը վերյիշեց հոգելոյս պատրիարքը։ Ապա մրցաշարքի ծիրէն ներս ոտնագնդակի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ։

Մրցաշարքը աւարտին պիտի հասնի այս հինգշաբթի՝ օգոստոսի 18-ին։ 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2022