ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ Ս. ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՏՆՕՐԷՆԸ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ ընկերները երէկ հիւրընկալեցին Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեանը, որ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ իրենց։ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած մոմավառութենէն վերջ ծաւալուեցաւ ջերմ զրոյց մը, որու ընթացքին կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան համայնքային վաքըֆներու եւ վարժարաններու ընդհանուր կացութեան շուրջ։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ իրենց գործունէութեան մասին եւ ընդգծեց, որ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը կը ջանայ հնարաւորինս նեցուկ կանգնիլ մեր վարժարաններուն՝ մասնաւորապէս մերձակայ Սկիւտարի կրթօճախին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան գործընթացին։

Հուսկ, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ գործակից ընկերները տնօրէն Արմէն Սարուխանեանի անձին մէջ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին յաջողութիւն մաղթեցին 2021-2022 կրթական շրջանին համար։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2021