ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Իսթանպուլի Ապահովութեան տնօրէնի օգնական Ճենկիզ Տեմիրճան, Ֆաթիհի Ապահովութեան տնօրէն Հաքան Եըլմազ եւ Մուհիտտին Եէթիշ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Այցելուները վերջին օրերուն Պատրիարքարանի շուրջ տեղի ունեցած եւ մամլոյ մէջ եւս արձագանգ գտած դէպքերու մասին տեղեկութիւն ստացան։ Անոնք հետաքրքրուեցան նաեւ Ֆաթիհի շրջանի համայնքային հաստատութիւններու ապահովութեամբ։ Ի մասնաւորի Գումգաբուի մէջի անհանգստութիւններուն մասին տեղեկութիւն ստացան։ Անոնք յիշեալ շրջաններու մէջ արդէն իսկ կաշխատին ապահովութիւնը հաստատելու համար։ Տեմիրճան, Եըլմազ եւ Եէթիշ յայտնեցին, թէ աւելի զգուշաւոր եւ լուրջ պիտի հետեւին հարցերուն ու գանգատներուն։ Անոնք շեշտեցին, թէ քաղաքացիներ դէպքերու մասին իրենց գանգատները առանց տատամսելու կրնան հաղորդել պաշտօնական մարմիններուն։
Իր կարգին, Տ. Արամ Սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական հիւրերուն՝ իրենց քաղաքավարական սոյն այցելութեան համար։ Ինք եւս հաւաստիացուց, թէ կապի մէջ պիտի մնայ իրենց հետ։ Հարկաւոր պարագաներուն տեղեակ պիտի պահէ պաշտօնական մարմինները։ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց անոնց՝ իրենց պաշտօնին մէջ։
Միւս կողմէ, Համահայկական խաղերու մասնակից «Պոլիս» խումբի կազմակերպիչներէն՝ Հայկարամ Քարասու, Կարօ Համամճեան եւ Շահնուր Քազանճը այցելեցին Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Այցելուներ խաղերու ընթացքին խումբի գործունէութեան մասին տեղեկութիւն փոխանցեցին։ Այս տարի բացի «Պոլիս» խումբէն, Համահայկական խաղերուն մասնակցեցան նաեւ այլ խումբեր, որոնք կազմուած էին պոլսեցի մարզիկներէ։ Առաջին անգամն էր, որ խումբը առանց մետայլ ստանալու վերադարձաւ քաղաքս։ Անոնք ներկայացուցին խումբին ելեւմուտքի հաշուեցուցակը։
Արամ Արքեպիսկոպոս իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան համար։ Ան նշեց, թէ իր կարգին միշտ պատրաստ պիտի ըլլար խումբին նեցուկ կանգնելու։ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթեց մարզիկներուն եւ կազմակերպիչներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024